Հուփսի այժմու մարզիչ եւ Թատամոնի նախկին օգնական մարզիչ Վինքօ Պաքիչ նշանակուեցաւ Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբին մարզիչ:
Ան նախապէս եղած է Պարսի Աթիրոյի մարզիչը (Ղազախստան) եւ անոր հետ իր մասնակցութիւնը բերած (Չինաստանի մէջ) «ՖԻՊԱ»-ի Ասիոյ ախոյեանութեան բաժակի մրցաշարքին:
Բնականաբար, ան սկզբնական շրջանին որոշ դժուարութիւններ կրնայ ունենալ իր կազմը լաւ դիրքի ու վիճակի հասցնելու առումով: Սակայն ան կը նկատուի փորձառու մարզիչ մը եւ կրնայ իր վրայ դրուած յոյսերը արդարացնել: