Մասսա Վերադարձաւ

Մերսետեսի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Ֆորմիւլա-1-ի 2017-ի աշխարհի ախոյեանութեան խումբին վարորդներէն մէկը պիտի ըլլայ Վալթերի Պոթթաս, որ միացաւ կազմին` փոխարինելով աշխարհի ախոյեան Նիքօ Ռոզպըրկը, որ հեռացաւ Ֆորմիւլա-1-էն:
Ուիլիամզի նախկին վարորդը, 27 տարեկան Պոթթաս ցարդ ոչ մէկ կրան փրի-ի առաջին հանդիսացաւ վերջին չորս տարիներուն ընթացքին:
Նշենք, որ այս տարեշրջանին Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհ կը վերադառնայ նաեւ պրազիլցի 35 տարեկան վեթերան վարորդ Ֆելիփէ Մասսա, Ուիլիամզի հետ: Ան նախորդ տարեշրջանին աւարտին, թէեւ լքեց Ֆորմիւլա-1-ը, սակայն որոշեց դարձեալ վերադառնալ:
Ֆորմիւլա-1-ի 2017 տարեշրջանը կը սկսի յառաջիկայ 26 մարտին, Աւստրալիոյ կրան փրիով: