Հոլանտացի անուանի մարզիչ Լուիս Վան Կաալ պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ ըսաւ, որ վերջ կը դնէ մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզին, կը յայտնէ Goal.com կայքը:
65 տարեկան հոլանտացիին վերջին ակումբը եղաւ Մանչեսթըր Եունայթըտ (2014-2016):
Ան անցեալին եղած է նաեւ Պարսելոնայի, Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: