Կազմակերպութեամբ Շապապ Մաշարիհ միութեան եւ Մաշարիհ Ռիատի ակումբին կիրակի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 13:30, տեղի պիտի ունենայ ճատրակի 2017-ի ձմեռնային մրցաշարք մը:
Այս մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ վերոնշեալ ակումբին մէջ, Զոքաք Պլաթ:
Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 20 յունուարը (հեռաձայնել` 78-838013 թիւին):