
Ամերիկեան Ռէալ Սոլթ Լէյքի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան յայտնեց, որ իր կարծիքով` Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալը լաւագոյնը պիտի ըլլայ աշխարհի ախոյեանութիւններու պատմութեան մէջ:
«Անոր պիտի մասնակցին իմ բարեկամներէս շատերը: Յոյսով եմ, որ Հայաստանի հաւաքականը եւս կ՛ապահովէ 2018-ի մոնտիալի իր տոմսը», ըսաւ Մովսիսեան:
Նշենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան վերջին շրջանին չթոյլատրեց Մովսիսեանի` ազգային խումբ վերադարձը:
29 տարեկան Մովսիսեան, որ հայրենի կազմին հետ նշանակած է 10 կոլ, Ռուսիոյ մէջ մրցումներու մասնակցած է Քրասնոտարի (2011-2012) եւ Սպարտակ Մոսկուայի (2013-2016) հետ: