Հակառակ անոր որ տակաւին բաւական կանուխ է Թոքիօ-2020-ի ողիմպիականի խաղերուն մասին խօսելու, սակայն, Հայաստանի պետմինթընի ֆետերասիոնին թեքնիք տնօրէն եւ միեւնոյն ժամանակ ալ մարզիչ Հրաչեայ Պօղոսեանէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի պետմինթընի ախոյեան Լիլիթ Պօղոսեան կը պատրաստուի եւ մեծ առիթ մը ունի պատմութիւն կերտելու` առաջին անգամ ըլլալով ներկայացնելով Հայաստանը, ողիմպիականի պետմինթընի խաղերուն:
17 ապրիլ 1996-ին ծնած Պօղոսեան, որ քանի մը առիթներով եղած է Հայաստանի ախոյեան, այժմ իր կարելին կ՛ընէ եւ, յարատեւ փորձեր կատարելով, կը փորձէ աւելիով բարելաւել իր խաղարկութիւնը եւ միջազգային մրցաշարքերու մասնակցելով յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգել` ապագային հաշուոյն: