Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին հաղորդեց, որ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն նախօրեակին, Լիբանանի մարմնամարզութեան ֆետերասիոնի նախագահ Մոհամետ Մաքքի, յետս կոչեց իր առաջադրած թեկնածութիւնը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Լիբանանի զբօսանաւերու ընդհանուր քարտուղար Ռապիհ Սալեմ եղաւ ընտրապայքարէն առաջին քաշուողը: