Ռէալ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ Ալվարօ Մորաթթա դժգոհ է խումբին մէջ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած կեցուածքէն, կը յայտնէ «Քատենա Սեր»:
24 տարեկան Մորաթթա, որ շատ յաճախ իբրեւ հիմնական մարզիկ նկատի չ՛առնուիր, մտադիր է այս ամրան հեռանալ արքայական ակումբէն, եթէ Զինետին Զիտան մնայ մարզիչի իր պաշտօնին վրայ:
Ան իր գործակատարէն խնդրած է բանակցութիւններու սկսիլ իրմով հետաքրքրուող ակումբներուն հետ:
Այս տարեշրջանին «Լա լիկա»-ի գծով ան իր կազմին հետ իր կատարած 19 մրցումէն 13-ին իբրեւ հիմնական մարզիկ խաղադաշտ իջնելով նշանակած է 5 կոլ եւ կատարած 2 կոլի փոխանցում: