Թրքական Պեշիքթաշի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արազ Օզպիլիս շատ հաւանաբար փոխէ իր ակումբը, յայտնեց հոլանտական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ թրքական ակումբին հետ շատ յաճախ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուելուն համար 26 տարեկան ֆութպոլիստը վերադառնայ Հոլանտա:
Ըստ մամուլին, Ուիլեմ-2 ակումբը, որ Հոլանտայի ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը, շատ հաւանաբար ձեռք ձգէ Օզպիլիսի ստորագրութիւնը:
Նախապէս Օզպիլիս հանդէս եկած էր Այաքս Ամսթերտամի հետ:
Սակայն երէկ աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ Օզպիլիսի փոխանցումը ձախողած է: