Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Մանչեսթըր Եունայթըտ իր դաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հալ Սիթին: Այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ցարդ իր կատարած 22 մրցումէն Մանչեսթըր ապահոված է 41 կէտ եւ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:
«Տէյլի Սթար» երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, յայտնուած է առաջին 11-ին մէջ եւ կրնայ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայանալ: