
Երէկ տեղի ունեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Գործող տիտղոսակիր Պարսելոնա, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ 1 փետրուարին` Մատրիտի մէջ, իսկ դարձի մրցումը շաբաթ մը ետք` Պարսելոնայի մէջ:
Կիսաւարտականի երկրորդ մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ Սելթա Վիկոն եւ Ալաւեսը:


