
Հինգշաբթի, 26 յունուար 2017-ին, Լիբանանի նորընտիր ողիմպիական կոմիտէն գումարեց իր անդրանիկ ժողովը` ներկայութեամբ իր բոլոր անդամներուն:
Նիստին ընթացքին Ողիմպիական կոմիտէն կատարեց կարգ մը նշանակումներ եւ յառաջացուց իր մնայուն յանձնախումբերը` զանազան մարզերու մէջ:
Նկատի ունենալով կրթական մարզին մէջ իր ունեցած երկարամեայ փորձառութիւնը եւ մարզական կազմակերպութիւններու վարչագիտական մագիստրոսի վկայականը, Վաչէ Ծատուրեան նշանակուեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ակադեմիայի տնօրէն` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար:
Պէտք է նշել, որ առաջին անգամ ըլլալով հայ մը կը նշանակուի այս պաշտօնին:
Ժողովականները անդրադարձան նաեւ Սափորոյի մէջ (Ճափոն) տեղի ունենալիք Ասիոյ ձմեռնային խաղերուն եւ Լիբանանի պատուիրակութեան պատրաստութեան ու անոր մասնակցութեան:
Կը շնորհաւորենք Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ Վաչէ Ծատուրեանը` իր այս նոր պաշտօնին ստանձնումին առիթով:


