
Դահուկորդ Սերկէյ Միքայէլեան պրոնզէ մետալի տիրացաւ Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող ձմեռնային ուսանողական խաղերուն:
Հետապնդումի մրցումներուն, 10 քմ ազատ ոճի մէջ Սոչի-2014-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակից Միքայէլեան արձանագրեց 27 վայրկեան 04″ 5 արդիւնք մը:
Ան 52 երկվայրկեանով միայն ետ մնաց ոսկի մետալին տիրացած ռուս Տմիթրի Ռոսթովցեւէն:
Նշենք, որ ուսանողական այս խաղերուն 10 քմ դասական ոճի մրցումներուն ան գրաւեց 4-րդ դիրքը:


