
Երէկ տեղի ունեցած «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզ քիչ մը դժուարութեամբ յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին, 120-116 արդիւնքով:
Այս յաղթանակը Լէյքըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 17-րդը:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ երկարաձգումէն ետք միայն 108-106 արդիւնքով յաղթեց Նիւ Օրլինզին:
Ռասըլ Ուեսթպրուքի կազմը` Օքլահոմա Սիթի, 108-94 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզի դաշտին վրայ: Ան նշանակեց 27 կէտ:
Ուաշինկթընի մէջ Ուիզըրտծէն 117-101 արդիւնքով պարտութիւն կրեց նաեւ Քարմելօ Անթոնիի կազմը` Նիւ Եորք Նիքս: Անթոնի նշանակեց 26 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Նիւ Եորք Նիքս | 117-101 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Օրլինզ | 108-106 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Սաքրամենթօ Քինկզ | 105-83 |
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 108-94 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 115-98 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Տենվըր Նակեթց | 120-116 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Օրլանտօ Մեճիք – Ինտիանա Փէյսըրզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Պոսթըն Սելթիքս – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Պրուքլին Նեթց – Նիւ Եորք Նիքս
Մայեմի Հիթ – Աթլանթա Հոքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Նիւ Օրլինզ
Տալաս Մավըրիքս – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Տենվըր Նակեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Եութա Ճեզ – Միլուոքի Պաքս
Ֆէոնիքս Սանզ – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Օքլահոմա Սիթի – Շիքակօ Պուլզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց