Մարզական

Ֆութսալ. Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարք.  Յստակացան Կիսաւարտականին Հասնող 4 Խումբերը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Խումբերուն Վաղուան Կատարելիք Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը վաղը կը մեկնի հարաւ, ուր Նեպիհ Պըրրիի անուան մարզահամալիրին մէջ (Սայտա) հիւրը պիտի ըլլայ Ահլի Սայտայի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենց ամէն կարելին պէտք է ընեն յաղթական վերադառնալու համար Սայտայէն: Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Մութթահետ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը Կը Սկսի Դարձի 2-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 5 փետրուարին տեղի կ՛ունենայ Մէյրուպա - Ռիատի Պէյրութ մրցումը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիրին մէջ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: Նշենք, որ երկուշաբթի, 6 փետրուարին որեւէ մրցում տեղի պիտի չունենայ:

«Էն. Պի. Էյ.». Սփըրզ Եւ Ուիզըրտծ Կարեւոր Յաղթանակներ Արձանագրեցին

Ճէյմս Հարտե «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ: Սան Անթոնիօ Սփըրզի եւ Ուաշինկթըն Ուիզըրտծի յաղթանակները եղան կարեւոր: Յաղթանակ մը եւս արձանագրելու պարագային, Ուիզըրտծ պիտի գրաւէ Արեւելեան շրջանի երրորդ դիրքը: Անիկա իր յաղթանակը արձանագրեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հաշուոյն` 116-108 արդիւնքով: Այլ գետնի վրայ, Սան Անթոնիօ Սփըրզ Արեւմտեան շրջանին մէջ ամրապնդեց իր երկրորդ դիրքը` 102-86 արդիւնքով յաղթելէ...

«Ֆորպս». Ռոնալտօ` Աշխարհի Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Մարզիկը. Մեսսի` Երկրորդ

«Ֆորպս» ամսագիրը հրապարակեց աշխարհի 100 ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկներուն անունները: Այս ցուցակը կազմելու ընթացքին նկատի առնուած են մարզիկներուն աշխատավարձը, պոնիւսները եւ ծանուցումներէն եկած եկամուտները` 2016 թուականին ընթացքին: Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն եկամուտը 2016-ին կազմեց 88 միլիոն ամերիկեան տոլար: 2-րդ դիրքը կը գրաւէ Պարսելոնայի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի` 81,4 միլիոն ամերիկեան տոլար: Իսկ 3-րդ դիրքին...

Թուրք Չալհանօղլու 4 Ամիսով Կախակայուեցաւ

Լոզանի մարզական վճռաբեկ դատարանը (ՔԱՍ) հաստատեց ՖԻՖԱ-ի որոշումը, Պայէր Լեւերքուզընի թուրք միջնապահ Հաքան Չալհանօղլուն մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը որակազրկելու առնչութեամբ: Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 22 տարեկան ֆութպոլիստը պատժուեցաւ փոխանցման օրէնքները խախտելուն պատճառով: Չալհանօղլուին 4 ամիսով արգիլուեցաւ ֆութպոլով զբաղիլ, ինչպէս նաեւ անոր դէմ սահմանուեցաւ 100 հազար եւրոյի տուգանք մը:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տպաւորիչ Յաղթանակով Մը Պարտութեան Մատնեց Սաժեսը` 85-77 Արդիւնքով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Անդրանիկ Պէյրութ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) Անդրանիկ Պէյրութ կը հիւրընկալէ Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմէն կ՛ակնկալուի խմբային լաւ խաղարկութիւն մը կիրարկելով յաղթանակ արձանագրել, իսկ խումբին մարզիկներէն ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (Ուապա). Լիբանան Յաղթեց Սուրիոյ (78-64)` Առանց Խաթիպի, Արաքժիի, Պաուժիի Եւ Հայտարի

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբը երէկ աւարտեց Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան (ՈՒԱՊԱ) իր ելոյթները, երբ կատարեց իր հինգերորդ եւ վերջին մրցումը` արձանագրելով իր հինգերորդ յաջորդական յաղթանակը, այս անգամ Սուրիոյ դէմ` 78-64 արդիւնքով (15-13, 27-29, 53-46 եւ 78-64): Այս հինգերորդ մրցումը Լիբանան կատարեց առանց խմբապետ Ֆատի Խաթիպի, Ուաէլ Արաքժիի, Պասել Պաուժիի եւ Ալի Հայտարի: Լիբանանի կէտերը նշանակեցին Էլի Ռըսթոմ (26), Էլի...

«Ֆորմիւլա-4». Քարլ Մասաատ Անգլիոյ Մէջ Պիտի Ներկայացնէ Լիբանանը Եւ Արաբական Աշխարհը

Լիբանանցի վարորդ Քարլ Մասաատ (1998-ի ծնունդ) պիտի ներկայացնէ Լիբանանը եւ Արաբական աշխարհը Անգլիոյ մէջ` «Ֆորմիւլա-4»-ի կրան փրիին, որ կ՛իյնայ 2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան ծիրին մէջ: Մասաատ պիտի մասնակցի «Տապըր Ար. Ռէյսինկ» խումբին հետ, որուն հիմնադիրը եղած է «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի նախկին ֆինլանտացի ախոյեան Քիմի Ռայքոնըն: Նշենք, որ Անգլիոյ «Ֆորմիւլա-1»-ի ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ 10 հանգրուանի մրցումներ:  

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Յաղթեց Ռաուտա Տըքուանէի (4-3)

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Ռաուտա Տըքուանէի դէմ: Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած այս մրցումին, ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Անդրանիկ Կարապետեան (2 կոլ), Աւօ Տոնպուրեան եւ Սեւակ Օհանեան: Մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 3-3 հաւասարութեամբ, ՀՄԸՄ կիրարկեց «փաուըր փլէյ»-ի խաղաոճը, որուն շնորհիւ յաջողեցաւ այս յաղթանակը...

«Էմ. Էմ. Էս.» Ռելիներու 2016-ի  Վիճակագրութեան «Սի. Տի. Ռոմ»-ի Ստեղծում

«Էմ. Էմ. Էս.» Ռելիներու 2016-ի Վիճակագրութեան «Սի. Տի. Ռոմ»-ի Ստեղծում

Լիբանանցի փորձառու լուսանկարիչ Մանսուր Շըպլի, որ մասնագիտացած է մարզական բոլոր տեսակի ինքնաշարժներու ախոյեանութեան ու մրցաշարքերու լուսանկարչութեան մէջ եւ ունի տարիներու փորձառութիւն, ազնիւ գաղափարը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ստեղծելու յատուկ «Սի. Տի. ՌՈՄ», ուր կարելի պիտի ըլլայ գտնել 2016 տարուան ամբողջ վիճակագրութիւնը` լուսանկարով եւ ձայնով: Միայն լիբանանեան մարզաշխարհը (ռելիներու) չէ տեղադրուած անոր մէջ, այլ նաեւ ամբողջ Միջին Արեւելքի: Ան յատուկ մամլոյ ասուլիս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լուէյզի 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Անդրանիկ Պէյրութը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Կիրակի, 5 Փետրուարին Կը Սկսի Դարձի 2-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 2-րդ եւ 3-րդ, ինչպէս նաեւ 4-րդ հանգրուանի երեք մրցումներուն յայտագիրը: Նշուեցաւ, որ Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի յայտագիրին հրապարակումէն անմիջապէս ետք, ֆետերասիոնը պիտի հրապարակէ դարձի մնացեալ բոլոր մրցումներուն յայտագիրը: Ստորեւ կու տանք ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած դարձի մրցումներուն յայտագիրը. 2-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ ԿԻՐԱԿԻ, 5 ՓԵՏՐՈՒԱՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մէյրուպա - Ռիատի 17:00 Ֆուատ Շեհապ...

Պրազիլցի Ռոնալտինիօ` Լիբանանի Մէջ

Լուսանկարը ՏրամադրեցԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ 2002-ի Մոնտիալին իր երկրին` Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Ռոնալտինիօ, որ յատուկ այցելութեամբ մը կը գտնուի Լիբանան, երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Էլ. Էմ. Էս.» ընկերութեան հետ` ներկայութեամբ այդ ընկերութեան սեփականատէր Սամիր Շամխայի, ինչպէս նաեւ պաշտօնական այլ հիւրերու եւ մարզական լրագրողներու: Անոր Լիբանան այցելութիւնը պիտի չըլլայ վերջինը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկային,...

Փինկ Փոնկ.  Ժամհուր Կը Կազմակերպէ Փաթրիք Ասսաֆի Անուան 11-րդ Մրցաշարքը

Փինկ Փոնկ. Ժամհուրի Մրցաշարքին Մասնակցեցան 60 Երկսեռ Մարզիկներ

Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին եւ հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք» դրամատան, տեղի ունեցաւ փինկ փոնկի տարեկան միջդպրոցական մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 60 երկսեռ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին 14 վարժարաններ` լիբանանեան տարբեր շրջաններէն: Ս. Հոգի վարժարանը (Այն Նաժըմ) հանդիսացաւ առաջին` տղոց պարագային, իսկ Մուքատտասա (Ֆանար) վարժարանը` աղջկանց պարագային: Երկրորդ դիրքը գրաւեց Մոն Լա Սալ (տղաք եւ աղջիկներ), իսկ երրորդ դիրքը` Անթունիէ Պաապտա (տղաք) եւ Լիսէ Ապտել Քատեր...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 3 Մրցումներ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ: Սպանիոյ մէջ, 21-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Տեփորթիւօ Քորունա (16-րդ) կը հիւրընկալէ Ռէալ Պեթիսը (13-րդ): Գերմանիոյ մէջ (19-րդ հանգրուան), Բ. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ եղող (17-րդ եւ նախավերջին) Համպուրկ իր դաշտին վրայ կ՛ընդունի Պայէր Լեւերքուզընը (9-րդ)` ժամը 21:30-ին: Վերջապէս, ժամը 21:45-ին, Մես (19-րդ) կը հիւրընկալէ Մարսէյը...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզ Արձանագրեց Իր 42-րդ Յաղթանակը. Քարի Նշանակեց 39 Կէտ

Սթեֆըն Քարի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 42-րդ յաղթանակը, երբ 126-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Շարլոթ Հոռնեթցը: Սթեֆըն Քարի (Ուորիըրզ) նշանակեց 39 կէտ: Օքլահոմա Սիթի 128-100 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Շիքակօ Պուլզէն: Ճիմի Պաթլըր (Պուլզ) եւ Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա) նշանակեցին 28-ական կէտ: Ֆէոնիքսի մէջ, Սանզ 124-114 արդիւնքով պարտուեցաւ...

Ափրիկեան Երկիրներու Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Եգիպտոս – Քամերուն Աւարտական` Կիրակի, 5 Փետրուարին

Կիրակի, 5 փետրուարին իր աւարտին կը հասնի ափրիկեան երկիրներու ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական ճակատումը, Եգիպտոսի եւ Քամերունի միջեւ, ժամը 21:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Երէկ գիշեր Քամերուն յաղթեց Ղանայի` 2-0 արդիւնքով, մինչ նախանցեալ օր Եգիպտոս փենալթիներով յաղթեց (4-3) Պուրքինա Ֆասոյի: Այս մրցումին 120 վայրկեանները աւարտեցան 1-1 արդիւնքով: Պրոնզէ մետալին համար պայքարին, վաղը ժամը 21:00-ին Պուրքինա Ֆասօ կը մրցի Ղանայի...

Ֆրանք Լամփար Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լոնտոնեան Չելսիի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Ֆրանք Լամփար, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կու գայ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 38 տարեկան Լամփար կը նկատուի Չելսիի լաւագոյն ռմբարկուն` 648 մրցումի ընթացքին նշանակելով 211 կոլ:  

Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (Ուապա).  Լիբանան Հանդիսացաւ Ախոյեան` Յաղթելէ Ետք Յորդանանի (72-61)

Արեւմտեան Ասիոյ Տղոց Պասքեթպոլի Ախոյեանութիւն (Ուապա). Լիբանան Հանդիսացաւ Ախոյեան` Յաղթելէ Ետք Յորդանանի (72-61)

Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան (ՈՒԱՊԱ) իր կատարած չորրորդ մրցումին, երէկ յետմիօրէին Լիբանան արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով հիւրընկալ երկիրը` Յորդանանը, 72-61 արդիւնքով: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ Լիբանան հինգերորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ ախոյեան` առանց սպասելու Սուրիոյ դէմ իր կատարելիք մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, յետմիջօրէին ժամը 15:00-ին` Պէյրութի...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 2 փետրուարին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 21:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել` բարելաւելու համար խումբին դիրքը դասաւորման մէջ:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Կիսամեայ Դադար

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը այսու կը յայտնէ, որ կիսամեայ իր ծրագիրը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, մրցաշարքերը դադար կ՛առնեն կիսամեայ քննութիւններուն պատճառով մինչեւ 18 փետրուար 2017: Յանձնախումբը նախանձախնդիր է հայ աշակերտին ուսման եւ յաջողութեան: Մեր առաքելութիւնը կ՛ամբողջանայ անոնց ժրաջան աշխատանքով: Կիսամեայ երկրորդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրները եւ թուականները կը յայտարարուին յառաջիկային: Առ այդ, յաջողութիւն կը մաղթենք բոլոր աշակերտներուն եւ վստահ ենք,...

Page 1014 of 1277 1 … 1,013 1,014 1,015 … 1,277

Արխիւներ