Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան երկրորդ բաժինի նախապատրաստութիւններուն ծիրին մէջ, Արսենալ Սարանտի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին յաղթեց Ֆերոյի` 2-1 արդիւնքով:
Յաղթական կազմին յաղթանակի կոլը նշանակեց ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան, որ մասնակցեցաւ Բ. կիսախաղին:
29 տարեկան Պօղոսեան ընթացիկ ախոյեանութեան 11 մրցումի ընթացքին նշանակեց 3 կոլ: