Chess.com կայքը կը հաղորդէ, որ 2017-ին տեղի ունենալիք «Կրենտ Չես Թուր»-ի ճատրակի մրցաշարքին Վլատիմիր Քրամնիքի փոխարէն հանդէս պիտի գայ հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանը:
Ռուս կրանտմասթըրը հրաժարեցաւ այս մրցաշարքին մասնակցութիւն բերելէ:
Վերոնշեալ մրցաշարքին պիտի մասնակցին նաեւ աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն, ամերիկացիներ Ուեսլի Սօ, Ֆապիանօ Քարուանա, Հիքարու Նաքամուրա, ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ – Լակրաւ, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ եւ ռուսեր Սերկէյ Քարժաքին եւ Եան Նեփոմնիաշչի:
Նշենք, որ «Կրենտ Չես Թուր»-ի մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 1 միլիոն 200 հազար ամերիկեան տոլար: