Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ լիբանանեան պատուիրակութիւն մը մեկնեցաւ Անտորրա` իր մասնակցութիւնը բերելու համար փոքրերու դահուկարշաւի Եւրոպայի տարեկան միջազգային ախոյեանութեան:
Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Միշել Շաքեր: