
Յատուկ բանակում մը կատարելու համար Լիբանանի ազգային խումբը մեկնեցաւ Աւստրիոյ Սան Քրիսթոֆ շրջան` ըստ երկու երկիրներուն միջեւ կնքուած փրոթոքոլային համաձայնութեան:
Այդ 10 օրուան բանակումին կը մասնակցին 12 մարզիկներ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը ճամբելու համար Պէյրութի միջազգային օդակայան մեկնած էր Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահը Շարպել Սալամէ:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ռընէ Նաժժար:


