
Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Պարսելոնա 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մատրիտի մէջ` պարտութեան մատնելով Աթլեթիքոն:
7-րդ վայրկեանին Լուիս Սուարեզ բացաւ հաշիւը, մինչ Լիոնել Մեսսի 33-րդ վայրկեանին սքանչելի կոլով մը արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 փետրուարին` Պարսելոնայի մէջ:


