
Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի դարձի մրցումին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր Պարսելոնա թէեւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, սակայն ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր:
Երէկուան այս մրցումին, աւելի քան 67 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, օրուան իրաւարար Խեսուս Ժիլ երեք անգամ գործածեց իր կարմիր քարտը: Պարսելոնայէն կարմիր քարտ ստացան Սերճի Ռոպերթօ (57-րդ) եւ Լուիս Սուարեզ (90-րդ), իսկ Աթլեթիքոյէն` Եաննիք Ֆերէյրա – Քարասքօ (69-րդ):
Պարսելոնայի կոլը նշանակեց Լուիս Սուարեզ (43-րդ):
Նշենք, որ 80-րդ վայրկեանին Քեւին Կամէյրօ ի նպաստ Աթլեթիքոյի չկրցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Այսօր, ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով, Ալաւես կը մրցի Սելթա Վիկոյի դէմ, կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին: