Ինչպէս ծանօթ է, Քաթար պիտի հիւրընկալէ 2022-ի մոնտիալը: Յայտարարուեցաւ, որ այս իրադարձութեան համար ներկայ դրութեամբ շաբաթական կը ծախսուի 500 միլիոն ամերիկեան տոլար:
Այդ գումարը ո՛չ միայն կը ծախսուի դաշտերուն կառուցման համար, այլ նաեւ` ճամբաներու, երկաթուղիներու, օդակայաններու, բժշկական կեդրոններու համար:
2022-ի մոնտիալին կազմակերպիչները յայտարարեցին, որ կը կատարուի առաւելագոյնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ այս նպատակով մշակուած ծրագիրներու իրագործումին: