Յառաջիկայ շաբաթ տեղի կ՛ունենան «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումները, որոնք այժմ պիտի ընթանան նաք-աութի` երթուդարձի դրութեամբ:
Բնականաբար, սխալող խումբը դարձին կրնայ դժուարութեան դէմ յանդիման գտնուիլ, հետեւաբար իւրաքանչիւր խումբ պիտի փորձէ երթին աւելի լաւ արդիւնք ձեռք ձգել:
Այս իրողութենէն մեկնելով` Նափոլիի բժշկական յանձնախումբը խումբին ֆութպոլիստներուն արգիլեց «Փիցցա» ուտել Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք մրցումէն առաջ:
«Իլ Մաթթինօ»-ի համաձայն, ֆութպոլիստներուն արգիլուեցաւ նաեւ ալքոլ պարունակող իրենց փափաքած խմիչքը խմել: