Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի ֆետերասիոնը («Էն. Պի. Էյ.») 25 հազար ամերիկեան տոլարի տուգանքի ենթարկեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիչ Սթիւ Քերը, որ Սաքրամենթօ Քինկզի դէմ իր կազմին կրած պարտութեան (109-106` յետ երկարաձգման) ընթացքին, դժգոհ մնալով իրաւարարներուն որոշումէն, գործածեց բաւական բիրտ ոճ մը, անոնց նկատմամբ անարգական արտայայտութիւններ ունեցաւ եւ չուզեց դաշտէն դուրս գալ: