
Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ Մութթահետ Թրիփոլի հիւրընկալեց Հուփսը:
Ցարդ միայն մէկ յաղթանակ արձանագրած Հուփս կրեց իր 10-րդ պարտութիւնը, այս անգամ` 89-76 արդիւնքով (27-16, 47-31, 66-51 եւ 89-76):
Սրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հուփսի մարզիկներէն Թոմաս Օմար (24), մինչ անոր խմբակից Ալի Մըզհեր` 22 կէտ:
Մութթահետէն 21-ական կէտ նշանակեցին Տուարիք Սփենսըր եւ Ռամել Քարի, մինչ անոնց խմբակից Մելվին Քլիվլենտ` 18 կէտ: Մութթահետ ձեռք ձգեց 53 ռիպաունտ, մինչ Հուփս` 25:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Սանթրալի իր դաշտին վրայ Լուէյզի կը հիւրընկալէ Շանվիլը: