Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ եւ դարձի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 7 փետրուարին, Մութթահետ կը հիւրընկալէ Հուփսը:
Թրիփոլիի «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:
Մութթահետ, որ ցարդ արձանագրած է 5 յաղթանակ եւ կրած 5 պարտութիւն, այժմ կը գտնուի դասաւորման 5-րդ դիրքին վրայ: Իսկ ցարդ միայն 1 յաղթանակ արձանագրած եւ 9 պարտութիւն կրած Հուփս կը գտնուի 10-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ:
Այն մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 20:30-ին (այսօր եւ յաջորդող երկու օրերուն ընթացքին), պիտի պատկերասփռուին լիբանանեան «Թէ. Էլ.» պետական պատկերասփիւռի կայանէն:
Իսկ ինչ կը վերաբերի ուրբաթ, 10 փետրուարին տեղի ունենալիք Սաժես – Պիպլոս մրցումին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, զայն պատկերասփռողը պիտի ըլլայ «Էլ. Պի. Սի» պատկերասփիւռի կայանը:


