
Կազմակերպութեամբ Սայտայի միջազգային մարաթոնի միութեան, հովանաւորութեամբ Հարաւային Լիբանանի նահանգապետ Մանսուր Տաուի եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին կիրակի, 23 ապրիլին տեղի կ՛ունենայ Սայտայի միջազգային մարաթոնը` Սայտա – Սարաֆանտ – Սայտա շրջակայքին մէջ (42.195 քմ):
Այս մասին երէկ տրուեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը Սայտայի մէջ` ներկայութեամբ շրջանի քաղաքապետներուն, համալսարաններու նախագահներուն, ինչպէս նաեւ այլ հրաւիրեալներու եւ մարզական լրագրողներու:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մարաթոնին մասնակցելու համար կարելի է արձանագրուիլ www.saidamarathon.org կայքին միջոցով:
Նշենք, որ գլխաւոր Մարաթոնէն բացի տեղի պիտի ունենան 21,7 եւ 3 քմ վազքի մրցումներ ալ` տարբեր տարիքի դասակարգերու մէջ:


