
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա, Ֆրանսախօս երկիրներու ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Տը Շատարեւեան, Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Ժորժ Քուփալի եւ գանձապահ Ուաէլ Նուրէտտին, յատուկ այցելութիւն մը տուին Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քի Ճիանի:
Կողմերը իրարու հետ համաձայնեցան սկսիլ գործակցութեան, որուն ծիրին մէջ, Չինաստան Լիբանանի պիտի տրամադրէ մարզիչներ, ինչպէս նաեւ պիտի ընդունի լիբանանցի մարզիկները` յատուկ բանակումներու համար:
Ներկաները համաձայն գտնուեցան, որ մօտիկ ապագային Չինաստանի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնները իրարու հետ կնքեն փրոթոքոլային համաձայնագիր մը` Պէյրութի մէջ:


