Հայաստանի կռփամարտի ազգային հաւաքականը այս օրերուն ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարէ Երեւանի «Ողիմպիական ապագայ» մարզահամալիրին մէջ` նախապատրաստուելու համար 20-27 փետրուարին Սոֆիայի մէջ (Պուլկարիա) տեղի ունենալիք Սթրանճայի միջազգային մրցաշարքին:
Դաւիթ Թորոսեանի գլխաւորութեամբ հաւաքին կը մասնակցին 19 մարզիկներ:
Հաւաքը աւարտելէ ետք (17 փետրուար) պիտի հրապարակուին մրցաշարքին մասնակցող կռփամարտիկներուն անունները, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ: