Պայէրն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի տիրացաւ Լեհաստանի 2016 տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակին:
Ան յաջորդաբար 6-րդ անգամ ըլլալով կը տիրանայ այս մրցանակին, որ կը շնորհուի «Փիլքա Նոզնա» պարբերաթերթին կողմէ:
Նախորդ տարեշրջանին ան իր ակումբին հետ «Պունտըսլիկա»-ի տիտղոսին տիրանալէ բացի հանդիսացաւ Գերմանիոյ լաւագոյն կոլսքորըրը` իր նշանակած 30 կոլերուն շնորհիւ: