Իտալիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի ընդհանուր դասաւորման վերջին դիրքը գրաւող Փեսքարայի նախագահ Տանիելէ Սեպասթիանի այս տարեշրջանի աւարտին պիտի լքէ իր պաշտօնը:
Ան այսպիսի որոշում տուաւ, երբ անյայտ անձեր հրկիզեցին իր երկու ինքնաշարժները, որոնք կը գտնուէին իր տան կառատան մէջ:
Ցարդ իր կատարած 23 մրցումներուն ընթացքին Փեսքարա արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ` կրելով 16 պարտութիւն, 6 այլ հաւասարութիւններու կողքին:
Փեսքարա, որ այժմ ունի 9 կէտ եւ 13 կէտով ետ կը մնայ 17-րդ դիրքին վրայ գտնուող Էմփոլիէն, տարեշրջանի աւարտին դժուար թէ կարենայ մնալ Ա. դասակարգին մէջ: