Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախանցեալ օր, Ասթորիա Վալտորֆ – Արմինիա մրցումին ընթացքին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական դէպք մը, որ պիտի արձանագրուի ֆութպոլի պատմութեան մէջ: Այդ մրցումին, երկու խումբերն ալ կատարեցին մարզիկներու 4-ական փոփոխութիւն, ինչ որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի կ՛ունենայ եւրոպական առաջատար երկիրներու մէջ:
Նշենք, որ նախորդ տարի Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշում տուաւ, որ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, եթէ պատահի, որ մրցումը երկարաձգուի, խումբերը կրնան չորս մարզիկի փոփոխութիւն կատարել:
Այս մրցումը, երկարաձգումէն ետք եւս աւարտելով 1-1 արդիւնքով, դիմուեցաւ փենալթիներու: Ասթորիա յաղթանակ արձանագրելով, ապահովեց քառորդ աւարտականին իր տոմսը: