«Էն. Սի. Էյ. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Իտահօ Վենտելս իր կատարած վերջին մրցումին 81-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Սթէյթը: Յաղթական խումբին մաս կազմող Արկադի Մկրտիչեան, որ դաշտ ներկայացաւ 15 վայրկեան, նշանակեց 27 կէտ:
Սուֆոլքի հետ ելոյթ ունեցող Մայք Յակոբեան, Էմանուէլ խումբին դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (86-62) դաշտ ներկայանալով 32 վայրկեան, նշանակեց 10 կէտ:
Հայաստանի պասքեթպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկ Պրայընթ Տանսթոն, «Եուրօ-լիկա»-ի 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Անատոլու Էֆեսի կազմին հետ նշանակեց 16 կէտ, երբ անոր կազմը յաղթեց Ցրվենա Զվեզտայի (86-72): Ան դաշտ ներկայացաւ 26 վայրկեան:
Ճոնսըն Ուելսի հետ ելոյթ ունեցող Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի խաղացող Մեթիու Մադոյեան իր կազմին հետ, 82-52 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սենթ Ժոզեֆը: Ան 23 վայրկեան դաշտ ներկայանալով նշանակեց 7 կէտ: