Գաղութային

Յայտարարութիւն

Հաղորդագրութիւն

27 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբեր 2023-ին կայացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան 74-րդ Շրջանային ժողովը, որ հանգամանօրէն քննարկեց համահայկական ճգնաժամային պայմանները, Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներու դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրները, Միջին Արեւելքի թէժ իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած ընկերային, տնտեսական ու ապահովական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ազգային ու համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերող հարցերը: Շրջանային ժողովը ընտրեց Կեդրոնական կոմիտէ, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Յակոբ Բագրատունի, Ալպեր...

Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով

Անդրանիկ Մսըրլեանի 30 Արուեստի Գործերը Կը Նուիրուին Համազգայինին

Վաստակաւոր համազգայնական հանգուցեալ ընկեր Անդրանիկ Մսըրլեանի մահէն ետք, ընտանեկան պարագաները Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նուիրեցին հանգուցեալին պատկանող 30 արուեստի գործերը, որոնք պիտի ներկայացուին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին եւ «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ: Գործերը տարբեր արուեստագէտներու, ժամանակներու ու ժանրերու գեղարուեստական որակ ներկայացնող ժառանգութիւններ են:     Տրամադրուած գործերն են` 26 գեղանկար, 2 կիսանդրի, 1 արձանիկ եւ 1 հիւսք-խաչքար: Վստահաբար Համազգայինի  իրերայաջորդ սերունդները...

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. կաթողիկոսը շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2023-ին ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի: Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով` թեմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրապետին անցնող օրերու ընթացքին թեմին շնորհած յաջորդական երեք այցելութիւններուն համար: Յիշեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները Ազգային իշխանութեան ու ծխային շրջաններու մարմիններուն եւ գաղութէն ներս գործող համայնքային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական ու հայրենակցական կառոյցներու...

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Փոքրիկները Ստացան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութիւնը

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Փոքրիկները Ստացան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութիւնը

Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած ս. պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներուն, որոնց կ՛ընկերակցէին վարժարանի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը եւ տնօրէն Ժանին Դանիէլեանը: Տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին մէջ գոհութիւն ու փառք առաքեց Աստուծոյ, որ այս տարի եւս, հակառակ մեր շուրջը ստեղծուած արտակարգ պայմաններուն,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Կայացաւ Մասնագիտական Հարթակի Երրորդ Նիստը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ Կայացաւ Մասնագիտական Հարթակի Երրորդ Նիստը

Երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնած մասնագիտական քննարկումներու երրորդ առցանց նիստը կայացաւ: Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն պատմագէտներու, իրաւագէտներու եւ քաղաքագէտներու խումբը երրորդ նիստով քննարկեց Արցախի հարցի ուղղութեամբ աշխարհաքաղաքական շատ արագ ընթացող իրադարձութիւններու հաւանական հետեւանքները: Առնչուած թեմաներ էին` Արցախի նախագահին կատարած վերջին յայտարարութիւնները, Զանգեզուրի միջանցքի ծրագիրին մասին յայտարարութիւններով ակնարկուող փոփոխութիւնները, Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին վերաբերեալ համաձայնուած սկզբունքները, գաղափարախօսութեան...

Այցելութիւն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը

Երէկ` երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Արցախի տագնապին հետեւանքներուն եւ սփիւռքին առնչուած շարք մը խնդիրներ:

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 29 հոկտեմբերին, Գիւտ խաչի տօնին առընթեր, նշուեցաւ Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը, եւ այս առիթով մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Պատարագին ներկայ էին Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, նաեւ` Ազգային վարչութեան անդամներ: Ժողովուրդին ուղղուած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը անդրադարձաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած Քրիստոսի խաչափայտին յայտնաբերուելու պատմական դէպքին,...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Մէջ Գործող Կուսակցական Ղեկավարութեանց,  Միութիւններու, Կառոյցներու,  Կազմակերպութիւններու, Կրթական Հաստատութիւններու  Եւ Հայրենակցական Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց, Դպրաց Դասերու, Տիկնանց Յանձնախումբերու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Եւ Աղքատախնամ Մարմիններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում «Սփիւռքի տարի»-ի շրջագիծին մէջ երեքշաբթի, 24 հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ` լիբանանահայ թեմական ու համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներու շարքին երկրորդը, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի Հայոց թեմի հոգեւորականութիւնը, եկեղեցիներու թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու եւ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի մէջ գործող Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը նախաձեռնած են ծրագիրի մը, որմէ կրնան օգտուիլ աշխարհասփիւռ հայկական ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարանները: Ծրագիրը «Հայաւանդ» առցանց հարթակն է, ուր պիտի տեղադրուին արեւմտահայերէնով դասերու ձեւանմուշներ` յարմար 12-15 տարեկան աշակերտներու: Ծրագիրը կը վայելէ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի հովանաւորութիւնը: Արեւմտահայերէնի ցարդ մշակուած առցանց ծրագիրները ընդհանրապէս նկատի կ՛առնեն մանկապարտէզի եւ տարրական բաժնի...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Մէջ Գործող Կուսակցական Ղեկավարութեանց,  Միութիւններու, Կառոյցներու,  Կազմակերպութիւններու, Կրթական Հաստատութիւններու  Եւ Հայրենակցական Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Մէջ Գործող Կուսակցական Ղեկավարութեանց, Միութիւններու, Կառոյցներու, Կազմակերպութիւններու, Կրթական Հաստատութիւններու Եւ Հայրենակցական Միութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում «Սփիւռքի տարուան» շրջագիծին մէջ, չորեքշաբթի, 25 հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ երրորդ հանդիպում-զրոյցը` «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» խորագրեալ, որուն կը մասնակցէին Լիբանանի մէջ գործող կուսակցական ղեկավարութիւնները, միութիւններու, կառոյցներու, կազմակերպութիւններու, կրթական հաստատութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները: Բարի գալստեան իր խօսքով, առաջնորդ սրբազան հայրը` Շահէ արք. Փանոսեան...

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ  Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային  Իշխանութիւններուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Իշխանութիւններուն Հետ

Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում «Սփիւռքի տարուան» շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2023-ին, ընթացք առաւ լիբանանահայ թեմական եւ համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներուն շարքը` «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» խորագրեալ: Արդարեւ, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ պիտի հանդիպի Ազգային իշխանութեան, Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականութեան, եկեղեցիներու թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց...

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի 22 հոկտեմբերին նշուեցաւ Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան անուանակոչութեան տօնը, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ, թէ անապատին մէջ քառասուն օր առանձնանալէ եւ սատանային կողմէ փորձուելէ ետք Քրիստոս վերադարձաւ Նազարէթ քաղաքը եւ շաբաթ օրով իր մանկութեան յաճախած աղօթարանը...

Հայկազեան Համալսարանի Հրատարակչատունը Լոյս Ընծայեց Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը. 1920-2020» Մենագրութիւնը

Հայկազեան Համալսարան. Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ Խմբերգային Արուեստը. 1920-2020» Մենագրութեան Շնորհահանդէսը

Երեքշաբթի, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը, 1920-2020» մենագրութեան շնորհահանդէսը: Բացումը կատարելով հանդիսութեան` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, թարգմանը հանդիսացաւ այս գիրքին հրատարակման առիթով Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան գոհունակութեան եւ, ի միջի այլոց, հարց տուաւ. «Զուգադիպութիւ՞ն է արդեօք, որ կազդուրող, ջլապնդող ու վերագոյացնող, վիպազդու հայ երգի ու երգչախումբի այս...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն. Արցախը Մնայուն Ներկայութիւն` ՀՄԸՄ-ի Աշխատանքներուն Մէջ

2-7 հոկտեմբեր 2023-ին Հայաստանի մէջ գումարուած ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը, իր ընկալեալ օրակարգին կողքին, կարեւորութեամբ քննեց Արցախը ՀՄԸՄ-ի աշխատանքներուն մէջ մնայուն ներկայութիւն դարձնելու հրամայականը եւ որոշեց. Ա.- Պահպանել Արցախի Հանրապետութեան Անկախութեան Խորհրդանիշները ՀՄԸՄ ազգային արժէքներու եւ խորհրդանիշներու աւանդապահ միութիւն է: Եռագոյն դրօշը, 1918-ի Հանրապետութեան զինանշանը, քայլերգը եւ անկախութեան խորհուրդը ան պահպանած է 70 տարի, երբ Հայաստան կորսնցուցած է իր...

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք.  Մեծ Թիւով Հայորդիներ Օգտուեցան «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Նախաձեռնութենէն

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Մեծ Թիւով Հայորդիներ Օգտուեցան «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Նախաձեռնութենէն

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին հինգշաբթի, 19 եւ ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին երկու օրերու վրայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Անվճար հագուստի աշխարհ» նախաձեռնութիւնը: Արդարեւ, շրջափակին մէջ տեղադրուած էին սեղաններ, որոնց վրայ շարուած էին այր մարդոց, կիներու եւ փոքրերու յատուկ հագուստներ եւ կօշիկներ, ինչպէս նաեւ սեղան մը տրամադրուած էր խաղալիքներու եւ գիրքերու: Կարգ մը...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արցախեան Հարցին Յատկացուած Նիստեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արցախեան Հարցին Յատկացուած Նիստեր

Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին նախաձեռնութեամբ` յաջորդական երկու հեռավար նիստեր տեղի ունեցան, արցախեան նոր իրավիճակին լոյսին տակ իրադարձութիւններուն ընդհանուր գնահատականը կատարելու եւ յառաջիկայ աշխատանքներուն ուղենիշերը ճշդելու նպատակով: Նիստերուն կը մասնակցին` Հայաստանէն, Արցախէն, Միացեալ Նահանգներէն, Եւրոպայէն, Հարաւային Ամերիկայէն եւ Միջին Արեւելքէն պատմաբաններ, միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ եւ քաղաքագէտներ. Աշոտ Մելքոնեան, Ռուբէն Սաֆրաստեան, Արմէն Մարուքեան, Վահրամ Բալայեան, Վիգէն Չթըրեան, Սիմոն Փայասլեան, Վահրամ Շամմասեան, Խաչիկ...

ՀԵՀՈՄ-ի Տարեկան Անդամական Զեկոյց

ՀԵՀՈՄ-ի Տարեկան Անդամական Զեկոյց

Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի «Կիլիկիա» թանգարանէն ներս տեղի ունեցաւ ՀԵՀՈՄ-ի տարեկան անդամական զեկոյցը, որուն ընթացքին վարչութիւնս անդրադարձաւ նախորդ տարեշրջանին իր գործունէութեան մասին եւ իւրաքանչիւր խմբակի պատասխանատու վարչական անդամ տուաւ իր զեկոյցը։ Ապա, տեղի ունեցաւ նորանշանակ վարչական անդամներու ծանօթացում (որոնք կը փոխարինեն հրաժարած վարչական անդամները)։ Առաջարկներ եւ հարցեր լսելէ ետք, փակման խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի...

Ճինիշեան Հաստատութիւնը Ծառայութեան Պատնէշին Վրայ.   Յիշատակի Եւ Աղօթքի Օր

Ճինիշեան Հաստատութիւնը Ծառայութեան Պատնէշին Վրայ. Յիշատակի Եւ Աղօթքի Օր

«Կ՛ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք» (Մատթէոս 25:40) Ծառայութիւնը համամարդկային եւ համաքրիստոնէական արժէք ներկայացնող կեանքի ճանապարհ է: Անիկա կը կազմէ մեր կեանքի անբաժան մասը եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներու դափնեպսակն է: Քրիստոնէական կրօնին մէջ ծառայութեան կարեւորութեան կ՛անդրադառնան Հին եւ Նոր կտակարանները, եկեղեցին, մտածողները, արուեստագէտները եւ մեր կեանքին մէջ մեղուաջան աշխատանք տանող միութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Ծառայութեան...

«Հայկ Նագգաշեան» Գրական Հիմնադրամի 6-	րդ Ամէնամեայ Մրցանակաբաշխութիւնը

«Հայկ Նագգաշեան» Գրական Հիմնադրամի 6- րդ Ամէնամեայ Մրցանակաբաշխութիւնը

ՍԻԼՎԱ ԱՍՐԵԱՆ «Հայկ Նագգաշեան գրական գնահատանք» հիմնադրամը, Խ. Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտաուսումնական կենտրոնը եւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը օգոստոսի 29-ին  թանգարանում ամփոփեցին հիմնադրամի` 2022 թուականին տպագրուած գրքերի համար յայտարարած մրցանակաբաշխութեան արդիւնքները: Արդէն 6-րդ անգամ անցկացուող մրցանակաբաշխութեան  մասնակիցներին ողջունեցին Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի  հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ նրա դասաւանդման մեթոտաբանութեան ամպիոնի վարիչ, ...

Զմմառու Դպրեվանեցիները Նշեցին Թարգմանչաց Տօնը

Զմմառու Դպրեվանեցիները Նշեցին Թարգմանչաց Տօնը

ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Վաթսուն տարիներ առաջ կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուած` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան`  Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի այժմու շէնքի 60-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւններու շրջագիծը ընդգրկեց նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց երախտաւորաց յիշատակի նշումը: Հայ ժողովուրդի ամէնէն հոգեհարազատ տօներէն մէկը հանդիսացող Թարգմանչացը հայ եկեղեցւոյ մէջ կը նշուի երկու տարբեր ամիսներու եւ երկու տարբերակներով: Առաջինը Հոգեգալստեան հինգերորդ կիրակիին նախորդող...

Page 78 of 365 1 … 77 78 79 … 365

Արխիւներ