Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի Մատրան Անուանակոչութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի 22 հոկտեմբերին նշուեցաւ Ռաուտայի Ս. Ներսէս Շնորհալի մատրան անուանակոչութեան տօնը, որուն ընթացքին մատուցուեցաւ ս. պատարագ, եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ Ղուկաս աւետարանիչ կը պատմէ, թէ անապատին մէջ քառասուն օր առանձնանալէ եւ սատանային կողմէ փորձուելէ ետք Քրիստոս վերադարձաւ Նազարէթ քաղաքը եւ շաբաթ օրով իր մանկութեան յաճախած աղօթարանը գնաց, ուր իրեն ներկայացուցին Եսայի մարգարէին գիրքը, որպէսզի այնտեղէն կարդայ օրուան պատգամը: Սրբազանը մէջբերում մը կատարեց Ղուկասի աւետարանէն ընթերցուած հատուածէն, ուր Յիսուս կ՛ըսէր, թէ Տիրոջ Հոգին իր վրան է, որովհետեւ զինք օծեց եւ ղրկեց` աղքատներուն փրկութեան աւետիս տալու, սրտաբեկները մխիթարելու, գերիներուն ազատութիւն բերելու, կոյրերուն աչքերը բանալու, հարստահարուածները ազատելու եւ յայտարարելու, որ ահա հասած է ժամանակը, երբ Տէրը պիտի փրկէ իր ժողովուրդը, աւելցնելով, «Այս մարգարէութիւնը, որ դուք լսեցիք, ահա այսօր իրականացաւ»:

Սրբազանը բացատրեց, որ «Այսօր» բառը մեզի կը յուշէ, թէ աւետարանական պատումները միայն անցեալին չեն վերաբերիր, այլ մաս կը կազմեն այսօրուան մեր կեանքին, աւելցնելով, որ անոնք մեր եկեղեցւոյ կողմէ մեզի կը փոխանցուին, որպէսզի այսօր եւ վաղը մենք ալ անոնց միջոցով մասնակից դառնանք Աւետարանի կեանքին: Հետեւաբար Եսայի մարգարէի խօսքերուն ընդմէջէն Քրիստոս աղօթարանին մէջ իր կեանքին ծրագիրը կը պարզէ եւ, այդպիսով, մեզ ալ կը հրաւիրէ հետեւելու իր քայլերուն` այդպիսով արժեւորելու համար մարդկային մեր կոչումը:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազանը ըսաւ, որ աւետարանական այս դրուագը առաւելաբար մեր ուշադրութիւնը պէտք է ուղղէ աշխարհին մէջ մեր ունեցած պարտականութիւններուն եւ մեզի յիշեցնէ, թէ աշխարհին մէջ, յանուն աւելի մարդկային, աւելի արդար, աւելի խաղաղ, աւելի ապահով, աւելի երջանիկ կեանքի,  մենք ընելիք ունինք: Արդարեւ, քրիստոնեան պէտք է նշմարէ իր շուրջ գտնուող կարիքները ու այդ կարիքներուն դիմաց զգայ իր պարտականութիւններուն բաժինը եւ ջանայ հոգեկան ճիգով քաղցրութիւն ու ջերմութիւն բերել իր շրջապատին ու մասնակից դառնալ Աստուծոյ ծրագիրներուն:

«Արդարեւ, գէթ մեր եկեղեցիներուն մէջ ու աղօթքի պահուն, պէտք է զգանք, որ քրիստոնէութիւնը կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող ցաւը, տառապանքը, զրկանքն ու անիրաւութիւնը ջնջելու եւ գեղեցիկը, սուրբը, կատարեալն ու ճշմարիտը հաստատելու կեցուածք ու կենսաձեւ է», հաստատեց Շահէ արք. Փանոսեան` նկատել տալով, որ քրիստոնեային ճամբան կը հետեւի Քրիստոսի կեանքի օրինակին եւ Աստուծոյ յանձնուած հոգիները իրենց ունեցած շնորհքները ճառագայթելով կ՛ապրին ու իրենց նուիրումով կը բարձրացնեն նաեւ իրենց շրջապատը:

Ապա առաջնորդ հայրը բացատրեց, որ Քրիստոսի հետեւորդը պէտք է նշմարէ կեանքի ապականութեան չարիքը եւ անոր վերացումին ու սրբագրութեան համար տրամադրէ իր ունեցած տաղանդը, ուժն ու կարողութիւնները, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ կեանքէն վերանայ տառապանքը, եւ Տիրոջ փրկութեան խոստումը հասնի իր լրումին: Ան ըսաւ, որ քրիստոնեային փառքը աշխարհին մէջ Աստուծոյ ծառայելու, ճշմարտութեան համար ինքզինք ընծայելու պատիւն է: Հետեւաբար կեանքին մէջ պէտք է գիտնանք մեր դերը եւ յանուն աւելի մարդկային, աւելի արդար, աւելի խաղաղ, աւելի ապահով, աւելի երջանիկ կեանքի մը,  հոգեկան ճիգով, սիրոյ գործերով եւ զոհողութեան արարքներով մասնակից դառնանք Քրիստոսի կեանքին:

«Անկասկած Աստուածաշունչի խօսքերը Աստուծոյ կամքը կը պատգամեն մեզի, եւ այդ կամքը ի վերջոյ պէտք է նաեւ մեր գործերուն ընդմէջէն յստակօրէն յայտնուի ու մեր ընկերութեան կեանքը առաջնորդէ հոգեւոր բարձունքի», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ եզրափակելով իր խօսքը` ըսաւ, որ անկասկած Աստուծոյ օրը պիտի գայ, եւ Աստուծոյ փառքը պիտի ժառանգեն անոնք, որոնք սրբութեամբ կ՛ապրին եւ իրենց կեցուածքով շքեղութիւն կը բերեն կեանքին ու շրջապատին, յորդորելով ներկաները աշխարհի մահաբեր ուժերուն դէմ քրիստոնէական կեցուածք ցոյց տալու եւ այդպիսով յաղթելու աշխարհին:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Մահացաւ Դեղագործ Գէորգ Գէորգեանը 1945-2023

Յաջորդը

«Նոր Որակ Եւ Նոր Հորիզոններ Ունենալը Անհրաժետշութիւն Է, Սաներու Ֆոնտը` Յաջողութեան Գրաւական, Եւ Արցախը` Կիզակէտ» Հաստատեց Շանթ Յարութիւնեան

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?