Երէկ` երկուշաբթի, 30 հոկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը` ընկերակցութեամբ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի ներքին կացութեան, Արցախի տագնապին հետեւանքներուն եւ սփիւռքին առնչուած շարք մը խնդիրներ: