Գաղութային

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդի Կազմը Քաղաքապետին Գլխաւորութեամբ Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական Խորհուրդի Կազմը Քաղաքապետին Գլխաւորութեամբ Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

Ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսը ընդունեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի կազմը: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի գլխաւորութեամբ, քաղաքապետական խորհուրդը կը բաղկանայ 21 անձերէ` մեծամասնութիւնը Լիբանանի հայ համայնքը ներկայացնող: Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, յանուն քաղաքապետարանին, վեհափառ հայրապետին յանձնեց Լիբանանի մայրին ներկայացնող յուշանուէր մը: Քաղաքապետութեան կողմէ խօսք առաւ Ճորճ Գրիգորեան: Նախ եւ առաջ ան ջերմ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ քաղաքապետութեան նախաձեռնած ժողովրդային...

60-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն`  «Բագին» Գրական Պարբերաթերթի

60-Ամեակի Պաշտօնական Հանդիսութիւն` «Բագին» Գրական Պարբերաթերթի

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, ուրբաթ, 8 դեկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բագին»-ի 60-ամեակի պաշտօնական հանդիսութիւնը: Հաւաքին բանախօսն էր Կարօ Յովհաննէսեան: Այս առիթով նաեւ խօսք առին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան եւ «Բագին»-ի խմբագիր Սոնիա Սանան Քիլէճեան: Ձեռնարկի գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տիրոջ Այցելութիւնը

Հինգշաբթի, 7 դեկտեմբեր 2023-ին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հոգեւոր տէրը մայրավանք այցելելով աւելի քան մէկ ժամ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Վատիկանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած «Սինոտալիթէ»-ի նուիրուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց համագումարը, նոյն օրերուն Հռոմի մէջ կայացած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակին նուիրուած գիտաժողովը, Հայաստան ապաստանած Արցախի գաղթականներու օժանդակութեան...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Հռոմի Մէջ Մասնակցեցաւ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին Նուիրուած Գիտաժողովին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի օրհնութեամբ, Նարեկ արք. Ալեմեզեանը եւ Պսակ վրդ. Թեփիրճեանը մասնակցեցան 30 նոյեմբերէն 1 դեկտեմբեր 2023-ին, Հռոմի մէջ, Վատիկանի Պապական արեւելագիտութեան հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած Ս. Ներսէս Շնորհալի հայրապետին վախճանման 850-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած երկօրեայ միջազգային գիտաժողովին: Գիտաժողովը լուսարձակի տակ բերաւ` Շնորհալի հայրապետին աստուածաբանութիւնը, շարականները, հովուական...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական 51-րդ ժողովը գումարուեցաւ 1-3 դեկտեմբեր 2023-ին, «Աղբալեան- ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ: Ժողովին ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ, ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան անդամներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղերու 54 լիազօր քոյր-եղբայրներ, 25 հրաւիրեալներ եւ ի պաշտօնէ մասնակիցներ: Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը հանգամանօրէն քննեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանի անցնող երկու տարուան գործունէութիւնը եւ կատարեց համապատասխան գնահատական: Ժողովին ընթացքին, ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր...

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան.  «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

«Ազդակ»-Ի 61-րդ Առցանց Լսարան. «Մինչեւ Հիմա Չեն Մշակուած Պետութիւն-Եկեղեցի Յարաբերութիւնները Կանոնակարգող Օրէնքները», Աբէլ Քհնյ. Մանուկեան

Արցախի կապուած վերջին իրադարձութիւններուն եւ Համաս -Իսրայէլ պատերազմին պատճառով որոշ դադարէ ետք վերսկսան «Ազդակ»-ի առցանց լսարանները: Հինգշաբթի, 30 նոյեմբերին Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի 61-րդ առցանց լսարանը, զոր վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսն էր Զուիցերիոյ Կրօններու խորհուրդի քարտուղար եւ Ֆրիպուրկ համալսարանի դասախօս դոկտ. Աբէլ քհնյ. Մանուկեան, որ նախապէս տարբեր առիթներով դասախօսած էր «Ազդակ»-ի առցանց...

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

«Հոգեկան Ու Բարոյական Արժէքներ Հարկաւոր Են Մեր Ընտանիքներուն Ու Հաւաքականութեան, Որպէսզի Անոնցմով Մեր Կեանքը Ուղղենք Եւ Աստուծոյ Ողորմածութեան Արժանանանք» Շահէ Արք. Փանոսեան

Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն Շաբաթ 25 եւ կիրակի 26 նոյեմբերին տօնախմբութիւն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համար: Արդարեւ, եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով, շաբաթ առաւօտեան տեղի ունեցաւ ոչխարներու զենում, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւն, ապա երեկոյեան` ժամերգութիւն: Կիրակի առաւօտեան ժամը 9:30-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ապա թափօրը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին...

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ  ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

Հոգեհանգիստ` Նահատակ Եւ Ննջեցեալ ՀՄԸՄ-ականներու Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ի նահատակներու եւ ննջեցեալներու հոգիներուն համար եւ ի յիշատակ անոնց, տարեկան դրութեամբ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարուեցաւ կիրակի, 26 նոյեմբեր 2023-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ ս. պատարագին: Ապա ՀՄԸՄ-ականները համախմբուեցան սրահին մէջ, ուր յանուն ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` խօսք առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապաքեան: Ան հաստատեց, որ բոլորս կը հաւատանք այն միտքին, թէ անհատ...

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

Երեսփոխանական Գրասենեակի Ջանքերով Հայկական Կարգ Մը Շրջաններու Լուսաւորումի Աշխատանք

Հայկական երեսփոխանական պլոքի նախաձեռնութեամբ եւ երեսփոխանական գրասենեակի ջանքերով հայահոծ կարգ մը շրջաններու փողոցներու լուսաւորումի աշխատանքներու առաջին փուլը աւարտեցաւ, Մըզհեր-Պսալիմ շրջանին մէջ ելեկտրականութեան ԼԵՏ տիպի լոյսերու հաստատումով: Առաջին փուլին լուսաւորումի աշխատանքը կատարուեցաւ Պէյրութի Խալիլ Պատաուի-Ռըմէյլ թաղամասին մէջ, ապա Ֆանարի Լէյլաւան ժողովրդային բնակարաններու, իսկ երէկ աւարտեցան Մըզհերի շրջանի աշխատանքները: Նախանձախնդիր ըլլալով մեր ժողովուրդի հանգիստին եւ ապահովութեան` Երեսփոխանական գրասենեակը պիտի շարունակէ հասնիլ մեր...

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի  Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով

Հաղորդագրութիւն` Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Առիթով

22 նոյեմբերը փառքի եւ հպարտութեան զգացումները հրահրող օր մըն է` ազատ հայրենիքի հաստատման տեսլականով  տոգորուած ազատութիւնն ու համակեցութիւնը ընտրած քաղաքացիներուն համար: Ու մենք` լիբանանցիներս, այս օրը կ՛ողջունենք  ու կ՛ոգեկոչենք յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք տասնամեակներու ընթացքին զոհաբերութիւններ մատուցած են վասն այս հայրենիքին ու անոր ժողովուրդին: Սակայն այս տարի այս օրը կը նշենք լիբանանցին տեսնելով զինք յուզող մտահոգութեան, անհանգստութեան ու դառնութեան մէջ:...

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ Նուիրեալ, Հաւատաւոր Եւ Կարգապահ Անդրանիկ Մսըրլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ Նուիրեալ, Հաւատաւոր Եւ Կարգապահ Անդրանիկ Մսըրլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Համազգայինի մեծ ընտանիքի վերջին տասնամեակներու գործունէութեան մէջ մեծ ներդրում ունեցած հանգուցեալ Անդրանիկ Մսըրլեանին վաստակը գնահատելու եւ օրինակը դաստիարակիչ դարձնելու նպատակով, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ա. Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ...

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին.  Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Նուիրուած Ազգային Վարժարաններու Միացեալ Տօնակատարութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ազգային Ուսումնական Խորհուրդին. Լիբանանի Անկախութեան 80-Ամեակին Նուիրուած Ազգային Վարժարաններու Միացեալ Տօնակատարութիւն` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Վարժարանի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, երեքշաբթի, 21 նոյեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 80-ամեակին նուիրուած ազգային վարժարաններու միացեալ տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ Ազգային Միացեալ, Եղիշէ Մանուկեան եւ Նուպարեան-Խրիմեան (Թրիփոլի) վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգի աշակերտներուն, տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն, նաեւ` Ուսումնական խորհուրդի անդամներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, օրուան...

Մեր Կորուստները.  Մահացաւ Վաստակաւոր Արուեստագէտ  Վարուժան Մարտիրեանը

Մեր Կորուստները. Մահացաւ Վաստակաւոր Արուեստագէտ Վարուժան Մարտիրեանը

18 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ 87 տարեկանին մահացաւ վաստակաւոր ճարտարապետ եւ շինարար, քանդակագործ, արուեստի պատմութեան դասախօս, արմատներով մուսալեռցի Վարուժան Լէոն Մարտիրեանը: Ան հեղինակ է հարիւրաւոր քանդակներու, մասնակցած է բազում ցուցահանդէսներու եւ տուած է անհատական ցուցահանդէսներ: Վարուժան Մարտիրեան լիբանանահայ կեանքին մէջ իր ներդրումը ունեցած է, գործած է ազգային կեանքին մէջ, դասախօսած է Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի, ինչպէս նաեւ տարբեր համալսարաններու մէջ:...

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած  Անդրանիկ Մսըրլեանին

Յուշ Երեկոյ` Նուիրուած Անդրանիկ Մսըրլեանին

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երկուշաբթի, 20 նոյեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անդրանիկ Մսըրլեանին նուիրուած յուշ-երեկոն` ներկայութեամբ համայնքներու, միութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչներուն, գործընկերներու, համազգայնականներու եւ ընտանեկան պարագաներու: Հաւաքին բանախօսն էր Մկրտիչ Մկրտիչեան: Գեղարուեստական յայտագիրին իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճը: Այս առիթով նաեւ խօսք առաւ...

Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Պատարագ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 19 նոյեմբերին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Ժողովուրդին ուղղուած իր պատգամին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ Ղուկասու աւետարանի 9-րդ գլխուն մէջ տեղ գտած դրուագի մը, ուր Յիսուսի աշակերտները կը վիճին իրարու հետ, թէ իրենց մէջ ո՞վ է մեծը: Յիսուս անդրադառնալով, թէ ինչո՛ւ կը վիճին, նաեւ լաւապէս ճանչնալով իր աշակերտները, ...

«Մաքուր Մարմին, Առողջ Միտք» Խորագիրով Դասախօսութիւն

«Մաքուր Մարմին, Առողջ Միտք» Խորագիրով Դասախօսութիւն

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքի  բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներու շարքին երրորդը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 15 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկի վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ: Արդարեւ, բաժանմունքի ընկերային ծառայող Գարին Նաճարեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց «Մաքուր մարմին, առողջ միտք» խորագիրով դասախօսութիւն մը: Ան շեշտեց մաքրութեան կարեւորութիւնը` առողջ միտք ունենալու համար, եւ բացատրութիւններ տուաւ,...

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ` Նուիրուած Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութ Մասնաճիւղի Սկաուտական Պաշտօնական Վերամուտ` Նուիրուած Մասնաճիւղի Հիմնադրութեան 100-Ամեակին

Կիրակի, 12 նոյեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի 2023-2024 սկաուտական տարեշրջանի պաշտօնական բացումը, որով մեկնարկը տրուեցաւ մասնաճիւղի 100-ամեակին: Սկաուտներուն մտքի, հոգիի ու մարմնի հաւաքական եւ ժրաջան աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող ձեռային գեղեցիկ ու տպաւորիչ աշխատանքը հանդիսաւոր կերպով տեղադրուած էր դաշտին մէջ` 100 թուանշանի տիրական ներկայութեան: Սկաուտական նոր տարեշրջանի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին առաջնորդած հաստատաքայլ եւ յոյս ներշնչող տողանցքով,...

Ս. Պատարագ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Ս. Պատարագ Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կիրակի, 12 նոյեմբերին Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ: Օրուան պատգամը յղեց սրբազան հայրը, որ լուսարձակի տակ առնելով Պօղոս առաքեալի այն խօսքը, որ հարկ է մեր ապրելակերպին ուշադրութիւն դարձնենք եւ չապրինք անխոհեմ, այլ` իմաստուններու պէս, եւ օգտագործենք ժամանակը, որովհետեւ այս օրերը չար են: Ան բացատրեց, որ առաքեալին արտայայտած մտահոգութիւնները պարզ...

«Հարիւր Տարի Ապրելու Գաղտնիքները` Ուրախ Եւ Առողջ Կերպով» Խորագիրով Դասախօսութիւն

«Հարիւր Տարի Ապրելու Գաղտնիքները` Ուրախ Եւ Առողջ Կերպով» Խորագիրով Դասախօսութիւն

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունքը,   գաղութի կարիքաւոր ընտանիքներուն մատուցած ծառայութիւններու կողքին, ունի նաեւ տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` բարգաւաճման եւ նախազգուշական ծրագիրներ: Առ այդ, չորեքշաբթի, 8 նոյեմբերի կէսօրուան ժամը 12:00-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի Գ. յարկի վրայ գտնուող ընկերային բաժանմունքի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Հարիւր տարի ապրելու գաղտնիքները` ուրախ եւ առողջ կերպով» խորագիրով: Օրուան բանախօսն էր Ազգային առաջնորդարանի...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Եկեղեցական Ընտանիքներու Քարտուղարներու Տարեկան Համագումարին Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եկեղեցական ընտանիքներու քարտուղարներու տարեկան համագումարը տեղի ունեցաւ 30 հոկտեմբերէն 3 նոյեմբեր 2023, Պոսէի էքիւմենիք հիմնարկին եւ Ժընեւի էքիւմենիք կեդրոնին մէջ: Այս ժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ` Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանը: Իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ հայր Հրանդ առաւելաբար կեդրոնացաւ Արցախի հարցին` դիտել տալով, որ Արցախի ցեղային զտման...

Page 77 of 365 1 … 76 77 78 … 365

Արխիւներ