Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճինիշեան Հաստատութիւնը Ծառայութեան Պատնէշին Վրայ. Յիշատակի Եւ Աղօթքի Օր

Հոկտեմբեր 20, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կ՛ըսեմ ձեզի, որովհետեւ իմ այս փոքր
եղբայրներէս մէկուն ըրիք, ինծի ըրած եղաք»
(Մատթէոս 25:40)

Ծառայութիւնը համամարդկային եւ համաքրիստոնէական արժէք ներկայացնող կեանքի ճանապարհ է: Անիկա կը կազմէ մեր կեանքի անբաժան մասը եւ մեր հոգեմտաւոր արժէքներու դափնեպսակն է: Քրիստոնէական կրօնին մէջ ծառայութեան կարեւորութեան կ՛անդրադառնան Հին եւ Նոր կտակարանները, եկեղեցին, մտածողները, արուեստագէտները եւ մեր կեանքին մէջ մեղուաջան աշխատանք տանող միութիւններն ու կազմակերպութիւնները: Ծառայութեան ցայտուն օրինակը կը մարմնաւորէ Աստուածորդին` Քրիստոս, որուն երկրաւոր առաքելութեան նպատակն ու կեանքի ուղին հանդիսացաւ ծառայութիւնը: Քրիստոս ծառայութեան միջոցով կատարելագործեց Աստուծոյ փրկագործութեան ծրագիրը:

Ուստի Քրիստոսի ծառայութեան օրինակին ու անոր շաւիղներուն հետեւելու առաքելութիւնը եւ Լիբանանի մէջ հայ ածուին ծովածաւալ կարիքներուն ծառայելու քաղցր լուծը այլ բարեսիրական հաստատութիւններու կողքին ստանձնած է նաեւ Ճինիշեան հաստատութիւնը:

Արդարեւ, այս հաստատութեան մատուցած մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութիւնը արգասիքն է այն ձեռներէց հայուն` Վարդան Ճինիշեանի ի յիշատակ իր ծնողներուն` վեր. Յարութիւն եւ Քեթրին Ճինիշեաններու: Ճինիշեանը իր հիմնադրութեան օրէն` 1966-էն իր առաքելութիւնը ճիւղաւորեց հասնելու համար տագնապահար Լիբանանի բազմահազար կարիքաւորներուն:

Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկի հեռատես հիմնադիր` Վարդան Ճինիշեանի եւ ձեռնհաս տնօրէններուն` Հայկ Թիլպեանի եւ Սեդա Փամպուքեանի վաստակին առ ի երախտագիտութիւն յիշատակի եւ աղօթքի օր մը կայացաւ կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ հայ երեք համայնքապետերուն, գաղութիս մէջ գործող պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու, Ճինիշեան հաստատութեան վարիչ մարմինին, տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ հանգուցեալ տնօրէններու հարազատներուն:

Այս առիթով փառաբանութեան աղօթք մատուցուեցաւ Ճինիշեանի հիմնադիրին, իր ծնողներուն եւ տնօրէններուն հոգիներուն համար, աղօթքին մասնակցեցաւ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան:

Օրուան պատգամը ուղղեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներուն միութեան նախագահի տեղապահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան: Ան մէջբերեց Մատթէոսի աւետարանէն ծառայութեան մասին Քրիստոսի խօսքը եւ նշեց, որ ամերիկահայ Վարդան Ճինիշեանը մարաշցի հայ աւետարանական հովիւ վերապատուելի Յարութիւն Ճինիշեանի եւ երէցկին Քեթրինի հովուական կոչումը յարգելով, կը նուիրաբերէ իր ճակտի քրտինքի պտուղը եւ յատկանշական ֆոնտով մը զարկ կու տայ նուիրական հաստատութեան մը հայ ժողովուրդի սրտին մօտ, հայ ժողովուրդին մէջ տկար մնացածին սիրոյն:  Աշխարհի չափանիշներուն հակառակ, ան պատիւը կու տայ փոքրին, հիւանդին, ծանր օրերու ցաւը համտեսողին, կեանքի մայրամուտը հասածին, նուազագոյնին:

Ապա վերապատուելին իր միտքը ամփոփեց երեք հիմնական կէտերու շուրջ:

Առաջին` բացի Աստուծմէ, ամէն սկիզբ պիտի ունենայ վախճան: Օր մը պիտի հասնի աւարտը մեր կեանքի իրականութեան, եւ պիտի կատարուի դատաստան: Ան ըսաւ, որ ճիշդ չէ, որ ան որ այս աշխարհի դատաստանէն փախուստ կու տայ, վերջնականապէս ազատած պէտք է սեպուի: 34-րդ համարին մէջ յստակ է, թէ աստուածային ժառանգութիւն կայ, որ պատրաստուած է արդարներուն համար:

Երկրորդ` արդարութիւնը, մեզի շնորհուած կեանքին մէջ, այնքան ալ անյստակ կամ վերացական իրականութիւն չէ: Այդպէս չէ, որ Աստուծոյ կամքը կատարելը, կամ Անոր հաճելի ըլլալը այնքան ալ բարդ հարց է: Աստուած` Իր խօսքովը նաեւ անմիջական է, պարզ է, չափազանց եւ սուր կերպով հասկնալի է:

Երրորդ` իսկ Քրիստոսի այդ եղբայրները որո՞նք են: Այդ եղբայրներու նուազագոյնները որո՞նք են:  Ամենափոքրերը, ոչ տարիքով, այլ կեանքի հիմնական կարիքներու կարօտները:

Վերապատուելի Հայտոսթեան իր պատգամը եզրափակեց եւ ըսաւ, որ այսօր աղօթքով կը մօտենանք Աստուծոյ: Փառք տալու անցեալի նուիրեալներուն համար: Առաջնորդութիւն խնդրելու ներկայի առաջնորդութեան համար: Բայց նաեւ բոլորիս համար, որ Քրիստոսի տալիք մեր պատիւը եւ ծառայութիւնը տանք անյապաղ մեր անմիջական շրջապատին մէջ գտնուող նուազագոյններուն:

Պաշտամունքի ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ան մէջբերեց աստուածաշնչական այս համարը. «Եթէ ցորենի հատիկը հողին մէջ իյնալով չմեռնի, միայն ինքը կը մնայ, բայց եթէ մեռնի` բազում արդիւնք կու տայ», եւ յայտնեց, որ քրիստոնէական կեանքի հիմքը հանդիսացող այս գաղափարախօսութեամբ էր, որ Քրիստոս իր կեանքը նուիրաբերեց, որպէսզի մարդկութիւնը ապրի, գերագոյն օրինակ դառնալով սիրոյ, զոհողութեան եւ եղբայրասիրութեան:

Ան ըսաւ, որ քրիստոնէական անզուգական զոհողութեան այս ոգին երբ կը շաղախուի ազգային ինքնութեան գիտակցութեամբ ապրուած վշտալի պատմութեան մը եւ փորձառութեան մը հետ, կը դառնայ սկզբունք եւ սրբազան առաքելութիւն: Եւ այս առաքելութեան ցայտուն օրինակը հանդիսացաւ Վարդան Ճինիշեան, երբ 1966 թուականին հիմնեց Ճինիշեան բարեսիրական հաստատութիւնը, ի յիշատակ իր ծնողներուն` Յարութիւն եւ Քեթրին  Ճինիշեաններու:

1915 թուականին Ճինիշեան ընտանիքի անդամները թողնելով Մարաշի իրենց հայրենի հողը, եկեղեցին, դպրոցը եւ դարաւոր պատկանելիութիւնը, ապրեցան Ցեղասպանութեան արհաւիրքը, ճաշակեցին գաղթականութեան դառն բաժակը, եւ անբեկանելի կամքով ամրացած վերահաստատուեցան Միացեալ Նահանգներ: Անոնք վերաշինեցին իրենց ընտանեկան բոյնը, եւ Վարդան իր հանճարով, իմաստութեամբ եւ ատակութեամբ շուտով բարձրացաւ կեանքի յաջողութեան աստիճանները, եւ իր խոր ծերութեան, այս աշխարհիկ կեանքէն բաժնուելէ առաջ, իր ամբողջ ունեցածը նուիրաբերեց վասն իր ժողովուրդի տառապեալ զաւակներու բարօրութեան: 1966 թուականին սփիւռքահայութեան սիրտը հանդիսացող Պուրճ Համուտ աւանին մէջ, Վարդանին կտակով ծնունդ առած Ճինիշեան հաստատութիւնը սկսաւ ծառայական իր սրբազան առաքելութեան: Իրերայաջորդ լուսահոգի զոյգ հայ տնօրէններ` Հայկ Թիլպեան եւ Սեդա Փամպուքեան իրենց անձնազոհ նուիրաբերումով ո՛չ միայն վառ պահեցին Վարդանի կտակը, այլեւ ժողովուրդին պէտքերուն անսալով այս հիմնադրամը վերածեցին հայ ժողովուրդին համար յոյսի փարոսի եւ մխիթարութեան  ցուպի, որոնց միջոցով բազմահազար հայ ընտանիքներու կեանքերը փոխուեցան ընկերային եւ բարգաւաճման ծրագիրներու ճամբով:

Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան մատնանշեց, որ ներկայիս լիբանանահայութեան նկատառելի մէկ հատուածը տակաւին կը դիմագրաւէ կեանքի դաժանագոյն մարտահրաւէրները, եւ Ճինիշեան հաստատութիւնը այսօր` ամսական դրութեամբ կ՛ընդունի զանազան կարիքներով աւելի քան 2000 հայորդիներ: Սահմանափակ կարելիութիւններով, սակայն անձնազոհ կազմով, մեր առաքելութեան եւ Վարդանի կտակին հաւատարիմ, մենք շատ անգամ անկարելին կը վերածենք կարելիի, յոյսի նշոյլ մը կամ սիրոյ ժպիտ մը դրոշմելով անոնց մթագնած հոգիներուն եւ վշտացած դէմքերուն վրայ:

Ան իր խօսքին վերջին բաժինով խօսեցաւ Արցախ հայրենիքի մէջ կատարուած ցեղասպանութեան մասին: Ան զօրակցութիւն յայտնեց Արցախի մեր քոյր-եղբայրներուն:

Պաշտամունքի աւարտին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում: Բարի գալուստի խօսք ըսաւ Ճինիշեան հաստատութեան տնօրէն Քրիստին Դանիէլեան-Սարգիսեան: Ապա սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Ճինիշեան հաստատութեան նախկին տնօրէն Փոլին Սաղըրեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Ճինիշեան բարերար ընտանիքը եւ նախկին վաստակաշատ տնօրէնները` Հայկ Թիլպեանը, Սեդա Թաշճեան-Փամպուքեանը, Հանզ Շելեմպըրկը, Հանզ Պենզիկըրը: Յատուկ կերպով յիշեց խորհրդատու մարմինի անդամ, ատենապետ տոքթ. Ռոբովդ Չորպաճեանը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրեալներուն համար, որոնք իրենց շնորհները գործածեցին ուրիշներու օժանդակութեան համար: Ան իր խօսքը եզրափակեց Դաւիթ թագաւորին խօսքով. «Աստուած ինծի (մեզի) իր անունէն վախցողներուն ժառանգութիւնը տուաւ»:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը պէտք ունի հոգեւոր սնունդի, ողորմութեան: Ասիկա կ՛ենթադրէ աշխատանք եւ աղօթք: Ան աղօթեց Ճինիշեան հաստատութեան համար եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոր աշխատանքներուն:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան ուղղեց յիշատակի օրուան եզրափակիչ պատգամը: Ան ըսաւ, որ անգամ մը եւս կ՛անդրադառնանք, որ մեր համայնական կեանքին երաշխաւորը կը հանդիսանայ նախ եկեղեցին, ապա մեր կառոյցները, հաստատութիւնները, որոնք տարբեր-տարբեր պայմաններով մեր ժողովուրդի ամրութեան համար կը շարունակեն իրենց գործը: Ճինիշեան հաստատութիւնը մեզ կը հրաւիրէ անդրադառնալու աշխատանքի մը, որ երախտաւոր պայմաններով կը շարունակուի մեր իրականութեան մէջ: Այս հաստատութիւնը կը գործէ Աստուծոյ բազուկին ապաւինելով եւ Աստուծոյ սէրը ճառագայթելով իր շրջապատին մէջ: Մեր գաղութը, նաեւ տարբեր գաղութներ վայելած են Ճինիշեան հաստատութեան բարիքները: Այդ բարիքը մեզի հրամցուցած են բարի ձեռքեր տարբեր պաշտօններու վրայ: Անոնցմէ ոմանք անցաւոր են եւ կը մնան մեր յիշողութեան մէջ, իսկ աշխատանքի դաշտին մէջ գտնուողներուն ուժ եւ կորով մաղթեց, որպէսզի նախորդ սերունդներուն օրինակով զօրանան եւ հաստատ մնան իրենց ծառայական կոչումին մէջ:

Նախորդը

Հայ Մամուլին Դերն Ու Առաքելութիւնը (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առիթով)

Յաջորդը

Ալքարասի Վիրաւորուիլը Կրնայ Վերջ Դնել Թիւ 1-ի Պայքարին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 8, 2025
Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական  Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները  Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գաղութային

Ժտէյտէ-Պաուշրիէ-Սատ Շրջանի Քաղաքապետական Խորհուրդի Ընտրուած Ցանկին Անդամները Այցելեցին «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Մայիս 8, 2025
Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները  Դարու Վկաներն Են»
Գաղութային

Բագրատունի. «Ոճիրի Նահատակները Դարու Վկաներն Են»

Մայիս 8, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?