Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը Այցելեց Վեհափառ Հայրապետին

November 8, 2023
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսը շաբաթ, 4 նոյեմբեր 2023-ին ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան` գլխաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի:

Առաջնորդ սրբազանը խօսք առնելով` թեմին կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց հայրապետին անցնող օրերու ընթացքին թեմին շնորհած յաջորդական երեք այցելութիւններուն համար: Յիշեալ այցելութիւններն ու հանդիպումները Ազգային իշխանութեան ու ծխային շրջաններու մարմիններուն եւ գաղութէն ներս գործող համայնքային, կրթական, մշակութային, բարեսիրական, մարզական ու հայրենակցական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ, դարձան սքանչելի առիթներ` թեմն ու գաղութը դէպի վերակազմակերպում ու վերաշխուժացում մղող:

Ազգային վարչութեան հետ շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ աւելի խոր կերպով քննարկելու թեմին առնչուած կարգ մը հարցերը:

Այս առիթով, յանուն Լիբանանի թեմին, յիշատակի նուէրներ յանձնուեցան վեհափառ հայրապետին, որ, իր կարգին, զանոնք յանձնեց «Կիլիկիա» թանգարանին:

Յայտնենք, որ թեմի ու գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած իր յաջորդական երեք հանդիպում-զրոյցներու ընթացքին կաթողիկոսը «Սփիւռքի տարի»-ին առիթով, վեց մարզերու մէջ անհրաժեշտ յիշեցումները կատարելէ ետք, շեշտած էր անհրաժեշտ ծրագրումներն ու աշխատանքները կատարելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ գաղութը առաջնորդել դէպի վերակազմակերպում: Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնած էր Լիբանանի հայութեան, որ հակառակ յաջորդական տագնապներուն` գաղութը իր հաւաքական հաւատքով ու կամքով կրցած է վերականգնիլ եւ իր իւրայատուկ դերը շարունակել սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Միաժամանակ վեհափառ հայրապետը յիշեցուցած էր, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը լիբանանահայութեան նկատմամբ:

Նախորդը

Արդեօք Կա՞յ ՀՕՄ-ի Նման Նուիրեալներու Փաղանգ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթընի Առաջին Պարտութիւնը. Էմպիիտ Եւ Ֆիլատելֆիա Կը Սուրան

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.