Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրավանքի Կիրակնօրեայ Վարժարանի Փոքրիկները Ստացան Արամ Ա. Կաթողիկոսին Օրհնութիւնը

Նոյեմբեր 4, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 29 հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մատուցուած ս. պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներուն, որոնց կ՛ընկերակցէին վարժարանի վարիչ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեանը եւ տնօրէն Ժանին Դանիէլեանը:

Տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին մէջ գոհութիւն ու փառք առաքեց Աստուծոյ, որ այս տարի եւս, հակառակ մեր շուրջը ստեղծուած արտակարգ պայմաններուն, արժանացուց ըստ պատշաճի կատարելու 2023-2024 տարեշրջանի բացումը` կաթողիկոսին հովանիին ներքեւ: Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանը այս տարեշրջանը նուիրած է Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն: «Բռնակալ թշնամին կրնայ մեր հողերը գրաւել, մեր տաճարները աւերել, մեր տուները քանդել, սակայն մեր հաւատքը, միասնական ոգին, գոյատեւելու ու արարելու հզօր կամքը անկարելի է, որ խորտակէ», ընդգծեց Ժանին Դանիէլեան` միաժամանակով յայտարարելով, որ մեր աշակերտներուն ամանորեայ տօնակատարութեանց եւ նուէրներուն ծախսերը լրիւ պիտի տրամադրուին արցախահայ մանուկներուն, որպէսզի անոնց անմեղ դէմքերուն վրայ յոյսի ժպիտը դրոշմուի:

Տնօրէնին խօսքէն ետք կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները ներկայացուցին ամփոփ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր շարականի երգեցողութիւն եւ զանազան նուագարաններու մեկնաբանութիւն:

Աւարտին Արամ Ա. վեհափառը յղեց իր հայրական խօսքը: Առաջին հերթին ան բարձր գնահատեց տնօրէնութեան ու աշակերտութեան նախաձեռնութիւնը` վարժարանին այս տարեշրջանը ձօնելու արցախահայութեան: Ան ընդգծեց մեր նոր սերունդին կրօնական ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու յոյժ կարեւորութիւնը: Այսօրուան մանուկներու սերունդը վաղուան մեր երիտասարդ սերունդն է եւ, հետեւաբար, նաեւ` ղեկավարն ու առաջնորդը: Ուստի մեր մանուկներուն եկեղեցական գիտելիքներով զինելու, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան ոգիով թրծելու եւ եղբայրասիրութեան զգացումներով պարուրելու բծախնդիր ու նախանձախնդիր սրբազան աշխատանքը, նոյնիսկ` առաքելութիւնը, դրուած է մեր իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ, շեշտեց վեհափառ հայրապետը:

Այս առիթով Արամ Ա. իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց աշակերտներու ծնողներուն, որոնք բծախնդրութեամբ լծուած են իրենց զաւակներու դաստիարակութեան: Ան նաեւ գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչները եւ տնօրէնութիւնը, որոնք ամէն կիրակի, մէկդի դնելով իրենց անձնական ու ընտանեկան հանգիստը, նուիրուած են, բառին ամբողջական առումով, կամաւոր կերպով սերունդներ դաստիարակելու սրբազան առաքելութեան ու կոչումին:

Նախորդը

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Էմպիիտ Փայլեցաւ Հարտընի Երթալէն Ետք

RelatedPosts

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով
Գաղութային

«Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Եռօրեայ Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Արդիւնաւէտ Խորհրդաժողով

Հոկտեմբեր 13, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?