Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` դատապարտելով Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին ռմբակոծումը` սիոնական գոյացութեան կողմէ: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Թշնամի Իսրայէլի կողմէ օրական դրութեամբ Կազայի եւ աշխարհին մէջ գործուող ոճիրները` մարդկութեան դէմ գործուած ահռելի ոճիրներ են, բացի «Մաամատանի» հիւանդանոցին դէմ երէկուան ռմբակոծումը... Հոս ձախողեցան մարդկայնութիւնն ու միջազգային հասարակութիւնը: Խլացնող միջազգային լռութեան եւ միջազգային կազմակերպութիւններու բացակայութեան ներքեւ, աշխարհի մէջ գործադրուող...

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Լուրեր Կաթողիկոսարանէն

Պաշտօնապէս Բացումը Կատարուեցաւ Դպրեվանքի 2023-2024 Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանին Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը կրկնակի ցնծութեան օր է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համար, որովհետեւ կը յիշատակուի թէ՛ մեր հոգեւոր ու ազգային ինքնութիւնը աւելի ամրացնող սերունդին աւանդը եւ թէ՛ կը վերանորոգուի թարգմանչաց ուխտը` դպրեվանքի կրթական-ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկին ճամբով: Առ այդ, նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, կիրակի, 15 հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին...

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով Պատարագ Եւ Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտին Առիթով Պատարագ Եւ Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Լիբանանի թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտին առիթով կիրակի,  15 հոկտեմբերին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն: Առ այդ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Հաւատացեալներուն ուղղուած իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը նկատել տուաւ, որ այս շաբաթ հայ եկեղեցին կը յիշատակէ հայոց այբուբենի գիւտին տօնը եւ այդ առիթով...

Բացառիկ Գրական Հանդիպում` Հանրաճանաչ Գրող Ալեքսանտր Նաժժարի Հետ. Բացում Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Բացառիկ Գրական Հանդիպում` Հանրաճանաչ Գրող Ալեքսանտր Նաժժարի Հետ. Բացում Մեսրոպեան Վարժարանի 85-Ամեակի Ձեռնարկներուն

Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդականի աշակերտները մեծ բախտաւորութիւնը ունեցան ընդունելու անուանի գրող Ալեքսանտր Նաժժարը 10 հոկտեմբեր 2023-ին, «Գրական հանդիպումներ» ծրագիրի շրջանակին մէջ: Աշակերտներուն կողմէ աւանդական աղուհացով դիմաւորումէն ետք, Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ ողջունեց Նաժժարը որպէս իր սերունդի լաւագոյն ֆրանսախօս գրողներէն մէկը ամբողջ աշխարհի տարածքին, որ իր գործերով եւ գործունէութեամբ փայլուն կերպով կը համատեղէ համամարդկային խնդիրներու նկատմամբ ուշադրութիւնը` հարազատ հայրենիքին` Լիբանանի մշակոյթը տարածելու...

Յայտարարութիւն

Հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը դատապարտէ Կազայի «Մաամատանի» հիւանդանոցին դէմ գործուած իսրայէլեան ռմբակոծումը: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Աշխարհին վկայած քաղաքական բախումներուն լոյսին տակ աշխարհի ոճրագործները առիթը չեն փախցներ ցուցադրելու իրենց ոճրային խառնուածքն ու ոճիրները, յատկապէս` քաղաքայիններուն նկատմամբ: Սակայն ռմբակոծել հիւանդանոց մը, ուր բժիշկները կը փորձեն նոր կեանք շնորհել մարդոց եւ հիւանդներուն, որոնց մէջ տակաւին կեանքի հանդէպ յոյս...

Միսաք Մեծարենցեան Երեկոներ –  Այնճար.   Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» Գիրքին Հարիւրամեակը

Միսաք Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» Գիրքին Հարիւրամեակը

Զ. Գ. Ղ. Այս տարուան ամառնային մեծարենցեան երեկոներու վերջին ձեռնարկը տեղի ունեցաւ կիրակի, 24 սեպտեմբեր 2023-ին, Այնճարի «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Ան նուիրուած էր Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքին հրատարակութեան 100-ամեակին (28 սեպտեմբեր 1923): Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի «Մարգարէն» գիրքը ունկնդիրներուն ներկայացուց Այնճարի բնակիչ, երկրագործական ճարտարագէտ Ուաժտի Պրպերին: Օրուան հանդիսավարն էր Նաթալի Քենտիրճեան: Քենտիրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Զաւէն եւ...

Յայտարարութիւններ (5 Մայիս 2022)

Ձեռնարկներ Եւ Իրագործուած Ծրագիրներ` Հայ Ազգային Բուժարանին Մէջ

1.- 10 օգոստոս 2023-ին Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով Ս. եւ անմահ պատարագ եւ խաղողօրհնէք տեղի ունեցան բուժարանի բարեզարդուած Ս. Աստուածածին մատուռին մէջ` Նարեկ քհնյ. Հէճինեանի կատարողութեամբ եւ պատսպարեալներու ներկայութեամբ, որոնք բաժնեկից եղան օրհնուած խաղողին եւ ամենայն գոհունակութեամբ ու ուրախութեամբ բարձրացան իրենց սենեակները: 2.- Ազգային բուժարանը օժտուեցաւ ջուրի նոր զտարանով մը` շնորհիւ «Նիւ Եորք» ֆոնտին. ասիկա պիտի ծառայէ ջրհորի ջուրը...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին.  Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին. Հրայր Մարուխեանի Յիշատակը Արժանավայել Կերպով Ոգեկոչուեցաւ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին, հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ին արժանավայել կերպով նշուեցաւ դաշնակցական ականաւոր ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի յիշատակը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, Տըպպայէ, ներկայութեամբ հոգեւոր, կուսակցական, պետական, միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հայորդիներու հոծ բազմութեան: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, օրուան հանդիսավար Վարդան Ազնաւուրեան ներկաները հրաւիրեց...

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ  «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին.   Ժողովրդային Ձեռնարկ` Նուիրուած Հրայր Մարուխեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» Կոմիտէին. Ժողովրդային Ձեռնարկ` Նուիրուած Հրայր Մարուխեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին երէկ` հինգշաբթի, 12 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ժողովրդային ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ, Տըպպայէ, ներկայութեամբ կուսակցական, կղերական, միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ ազգասէր հայորդիներու հոծ բազմութեան: Օրուան պատգամը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ինչպէս նաեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յատուկ յայտագիր: ՀՅԴ Բիւրոյի երկար տարիներու նախկին...

Լուրեր Կաթոիկոսարանէն

Լուրեր Կաթոիկոսարանէն

Արցախի Հարցով Զօրակցական Այցելութիւններ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Արցախի մեր ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի  կատարած անարգ յարձակումին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ Լիբանանի զանազան համայնքներու ու կուսակցութիւններու կողմէ զօրակցական այցելութիւններ ու արտայայտութիւններ կատարուեցան: Այս ծիրէն ներս անցնող քանի մը օրերու ընթացքին վեհափառ հայրապետին այցելեցին` Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Ասորի համայնքի լիկայի նախագահը եւ Զարգացման ու գործակցութեան քրիստոնեայ խորհուրդը ներկայացնող...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Կիպրոսի Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան եւ Սանահին Թովմասեան, երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Կիպրոսի դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Կիպրոսի նոր նշանակուած դեսպան Մարիա Հաճիթէոտոսիուի հետ։ Պատուիրակութիւնը դեսպանին ներկայացուց 19 սեպտեմբերին ազրպէյճանական չհրահրուած յարձակումէն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը՝ մատնանշելով, որ տեղի ունեցածը ցեղային զտում էր։ Հայ դատի պատուիրակութիւնը ընդգծեց բռնի տեղահանուած արցախահայութեան վերադարձի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ցաւակցագիր Յղեց Սուրիոյ Նախագահին` Հոմսի Մէջ Ինկած Զոհերուն Համար

Ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 2023-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ցաւակցագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` դատապարտելով Հոմսի սպայից վարժարանին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումը եւ յայտնելով իր խորազգաց ցաւակցութիւնները Սուրիոյ պետութեան ու ժողովուրդին: Վեհափառ հայրապետը նամակին մէջ իր զօրակցութիւնն ու կարեկցանքը յայտնեց զոհերու ընտանիքներուն եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած սուրիական հայրենիքին անսասանութեան ու հզօրութեան համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն:

Հաճնոյ Հերոսամարտի 103-Ամեակի Եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում

Հաճնոյ Հերոսամարտի 103-Ամեակի Եւ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Հանդիսաւոր Նշում

Հաճնոյ հերոսամարտի 103-ամեակին եւ Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան զոյգ առիթներով կիրակի, 8 հոկտեմբերին, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Արդարեւ, սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին ՀՄՄ-ի շեփորախումբին, թաղականութեան անդամներուն եւ պատկան մարմիններուն կողմէ, ապա մուտք գործեց եկեղեցի: Առաջնորդ սրբազան հայրը իր քարոզին սկիզբը մէջբերեց Պօղոս առաքեալին կորնթացիներուն ուղղած...

Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Նոր Շունչ Ստացաւ Սեմ Եւ Սիլվա Սիմոնեաններու Շնորհիւ

Վահան Թէքէեան Վարժարանի Մանկապարտէզը Նոր Շունչ Ստացաւ Սեմ Եւ Սիլվա Սիմոնեաններու Շնորհիւ

Կիրակի, 1 հոկտեմբեր 2023-ին տեղի ունեցաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի «Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեան» մանկապարտէզի անուանումի արարողութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, մանկապարտէզի բարերարներ Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեան եւ իրենց դուստրը` Սեւան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Թէքէեան հիմնադիրներու մարմինի ատենապետ Յակոբ Գասարճեան, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Աւետիս Տաքէսեան, ԹՄՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինէն Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Եւրոպական Միութեան Դեսպանատուն

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, դոկտ. Քրիսթին Արզումանեան-Ղազարեան եւ Ճօ Զուլիքեան 6 հոկտեմբերին այցելեց Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանատուն, ուր հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան փոխդեսպան Սքիլվ Մարթին Լասընի հետ: Հայ դատի մարմինի պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութեան, ինչպէս նաեւ մէկ օր առաջ Սպանիոյ Կրանատա քաղաքին մէջ քառակողմ հանդիպումէն ետք հրապարակուած միացեալ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովի

ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական 13-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ 2-7 հոկտեմբեր 2023-ին, Հայաստան: Ժողովին մասնակցեցան միութեան շրջանային եւ մեկուսի 30 շրջաններէ 75 իրաւասու ձայնով պատգամաւորներ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Թեհրանի ՀՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Սոֆի Ջաղարբէկեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Արտաշէս Շահպազեան եւ խորհրդակցական ձայնով 28 հրաւիրեալներ, ընդամէնը` 103 մասնակիցներ: Ժողովին բացման ներկայ գտնուեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ժողովը իր տեսակին...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Միաբանութիւնը Իր Զօրակցութիւնը  Կը Յայտնէ Արցախի Մեր Ժողովուրդին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութիւնը Իր Զօրակցութիւնը Կը Յայտնէ Արցախի Մեր Ժողովուրդին

- Ռազմագերիներու Եւ Ազրպէյճանի Կողմէ Կալանաւորուած Արցախի Պետական Անձնաւորութիւններու Ազատ Արձակում - Մարդասիրական Օժանդակութիւն Արցախի Մեր Զաւակներուն - Միջազգային Երաշխիք Արցախցիներուն Վերադարձի Իրաւունքին Կ՛ընդգծէ Արամ Ա. Կաթողիկոս Ուրբաթ, 6 հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ վանաբնակ միաբան հայրերուն հանդիպումը: Վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ Ազրպէյճանի` Արցախի գրաւումով պարզուած կացութեան, մեր ժողովուրդին մօտ ստեղծուած խոր ցաւին ու...

Բագրատունի Ընդունեց Ճէյմի Օմիլիան

Բագրատունի Ընդունեց Ճէյմի Օմիլիան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական հարցերու նոր նշանակուած խորհրդական Ճէյմի Օմիլիան եւ քաղաքական փորձագէտ Անի Էքմեքճին: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ շրջանային կացութեան վրայ, յատուկ շեշտադրումով նախագահական ընտրութեանց, հնգեակի նախաձեռնութեան, սուրիացի տեղահանուածներու եւ երկրի ու ժողովուրդի տնտեսական վիճակին վրայ: Յատուկ կերպով քննարկումի նիւթ դարձաւ ազրպէյճանական յարձակումը Արցախի վրայ,...

Ընդառաջելով Լիբանանցի  Պատասխանատուներու Կոչին`  Արցախի Զօրակցութեան Յատուկ  Քննարկում` «Կապրիէլ» Պանդոկին Մէջ

Դատապարտելով Ազրպէյճանի Կողմէ Արցախի Գրաւումը` Լիբանանցի Պատասխանատուներ Կոչ Ուղղեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստի Գումարման

Արցախի վերջին շրջանի իրադարձութիւններն ու առհասարակ Արցախի իրավիճակը առանցքը կազմեցին լիբանանցի հայ եւ ոչ հայ անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ կայացած խորհրդաժողովին, երեքշաբթի, 3 հոկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, Էշրեֆիէի «Կապրիէլ» պանդոկին մէջ: Արդարեւ, ընդառաջելով լիբանանցի զանազան անձնաւորութիւններու եւ պատասխանատուներու` «Արցախի անկումէն քաղուած դասերու» քննարկման եւ ընդվզումի դրսեւորման ուշագրաւ կոչին, լիբանանեան պետական ու տարբեր կուսակցութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներ ու հոգեւոր հայրեր աւելի քան մէկուկէս ժամ...

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Հայրենի Հողի Պաշտպանութեան Համար Ինկած Նահատակներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներուն Մէջ Հոգեհանգստեան Պաշտօն` Հայրենի Հողի Պաշտպանութեան Համար Ինկած Նահատակներու Հոգիներուն Խաղաղութեան Համար

Հայ եկեղեցւոյ  զոյգ հայրապետներու տնօրինութեամբ, կիրակի, 1 հոկտեմբերը  հռչակուեցաւ Արցախի համար համազգային աղօթքի օր: Առ այդ, Լիբանանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` հայրենի հողի պաշտպանութեան համար ինկած նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ան իր քարոզին սկիզբը յայտնեց, որ Հայ եկեղեցւոյ տօնացոյցին համաձայն, այս օրը Վարագայ...

Page 79 of 365 1 … 78 79 80 … 365

Արխիւներ