ՍՕՍԷ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ
Վաթսուն տարիներ առաջ կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեանի նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուած` Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի այժմու շէնքի 60-ամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւններու շրջագիծը ընդգրկեց նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց երախտաւորաց յիշատակի նշումը:
Հայ ժողովուրդի ամէնէն հոգեհարազատ տօներէն մէկը հանդիսացող Թարգմանչացը հայ եկեղեցւոյ մէջ կը նշուի երկու տարբեր ամիսներու եւ երկու տարբերակներով:
Առաջինը Հոգեգալստեան հինգերորդ կիրակիին նախորդող հինգշաբթին` Սուրբ Սահակ հայրապետի եւ Սուրբ Մեսրոպ վարդապետի յիշատակին նուիրուած, որ շարժական տօն ըլլալով` յունիսի եւ յուլիսի միջեւ կը տարուբերի, իսկ երկրորդը` հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը:
Վերջինս կը վերաբերի գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց վարդապետներու արձանագրած ձեռքբերումներուն, ինչպէս` Աստուածաշունչի թարգմանութեան, ինքնուրոյն երկերու յօրինման, որոնցմէ կարեւորագոյնները` պատմագրական, իմաստասիրական, վկայաբանական եւ քերթողական մատեաններու ծաղկումն է:
Սոյն մեծղի գիւտի շնորհիւ է, որ հայը դարերու դիմաց կանգնելով դիմագրաւեց ո՛չ միայն զինք շրջապատող, գերող եւ տիրող թշնամիները, այլ նաեւ` սփիւռքեան անողոք պայմաններուն մէջ, հայուն սպառնացող ուծացման վտանգը եւս:
Ահա թէ ինչու, Զմմառու ժառանգաւորաց տեսչակազմը, ամէն տարի մեծ շուքով եւ յաւուր պատշաճի կը նշէ Թարգմանչաց վարդապետներու տօնը:
Սակայն այս տարի, ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, տեսչակազմը որոշեց, որ յիշատակումը ունենայ գործնական բնոյթ:
Առ այդ, ժառանգաւորները` գլխաւորութեամբ կրթօճախի տեսուչ հօր` Գրիգոր վրդ. Պատիշահի եւ փոխ տեսուչ Պետրոս վրդ. Մարաշլեանի, այցելեցին մայրավանքի մատենադարանը, ուր հնատիպ մատեաններու մէջ մեծ խնամքով պահպանուած են մատենագիրներ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Սուրբ Սահակ Պարթեւի, Խորենացիի, Բիւզանդի, Փարպեցիի, Եղիշէի, Կողբացիի, Կորիւնի եւ միւս երախտաւորներու երկերէն նմուշներ:
Ուշագրաւ է նաեւ Հայկական վերածնունդի տիտաններ Նարեկացիի, Շնորհալիի, Լամբրոնացիի, Երզնկացիի, Ֆրիկի, Գոշի, Այգեկցիի, հասնելով մինչեւ Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններու առկայութիւնը, որոնք մեծապէս հետաքրքրեցին եւ տպաւորեցին ժառանգաւորները:
Անոնք մօտէն ծանօթացան մատեաններուն, տեսուչ հայրը իւրաքանչիւր երկի բովանդակութեան շուրջ անդրադարձ մը կատարեց եւ սաներուն յորդորեց, որ իրենց աչքի լոյսին պէս պահեն եւ պահպանեն հոգեւոր սոյն արժէքները, որոնք Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան միաբանները հաւաքած եւ ի մի բերած են իրենց կեանքին գնով: