Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

October 28, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ գործող Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը նախաձեռնած են ծրագիրի մը, որմէ կրնան օգտուիլ աշխարհասփիւռ հայկական ամէնօրեայ եւ միօրեայ վարժարանները:

Ծրագիրը «Հայաւանդ» առցանց հարթակն է, ուր պիտի տեղադրուին արեւմտահայերէնով դասերու ձեւանմուշներ` յարմար 12-15 տարեկան աշակերտներու: Ծրագիրը կը վայելէ «Գ. Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի հովանաւորութիւնը:

Արեւմտահայերէնի ցարդ մշակուած առցանց ծրագիրները ընդհանրապէս նկատի կ՛առնեն մանկապարտէզի եւ տարրական բաժնի դասարանները. միջնակարգի բաժնին (պատանեկան տարիք) համար պակասաւոր են նման աշխատանքներ, եւ ուսուցիչներ յաճախ կարիքը կը զգան օրինակներու` այլ լեզուներու հետեւողութեամբ, պատանիներուն մօտ յաւելեալ հետաքրքրութիւն արթնցնելու արեւմտահայերէնի հանդէպ: «Հայաւանդ»-ի ճամբով կարելի պիտի ըլլայ պատանիին հայերէնով հրամցնել նիւթեր եւ հատուածներ (դասագիրքերու կողքին), որոնք ժամանակակից են եւ կ՛առնչուին այսօրուան ընկերութեան ու աշխարհին: Նիւթեր, որոնց կը ծանօթանար այլ լեզուներով` հիմա անոնց մասին պիտի կարդայ ու գրէ հայերէնով: Անշուշտ յաւակնութիւնը չունինք հաստատելու, որ կատարեալ եւ ամբողջական ծրագիր մըն է փոխանցուածը. անոր նպատակը պարզապէս արեւմտահայերէնով դասաւանդման նմուշներ հրամցնել է ուսուցիչներու, որոնք հետաքրքրուած են եւ կ՛ուզեն այլ ձեւեր օգտագործել: Պէտք է նշել, որ դասերու ձեւանմուշները պատրաստելէ առաջ, քոլեճի ուսուցիչները մասնակցեցան վարժողական մասնագիտական մարզումներու` ուսուցման արդի եղանակներու եւ միջոցներու վերաբերող:

Այս հարթակին վրայ պիտի տեղադրուին 7-րդ, 8-րդ եւ 9-րդ դասարաններու (12-15 տարեկան) յատուկ արեւմտահայերէնի դասաւանդման դասի ծրագիրներ (lesson plans): Ծրագիրները պիտի կեդրոնանան հաւասարապէս լեզուի իւրացման բոլոր հմտութիւններուն եւ անոնց կարողականութիւնները (competencies) զարգացնելու վրայ: Բոլոր տեղադրումներուն կցուած պիտի գտնէք ձեւանմուշներ, որոնք կը ճշդեն տուեալ դասին նպատակակէտերը, մանրամասնօրէն կը ներկայացնեն այդ դասը փոխանցելու գործընթացը եւ փուլերը, օգտագործուելիք նիւթերը, վարժութիւնները, տեսերիզները, արժեւորումի չափորոշիչները եւ գնահատման եղանակները:

Այս դասերուն կիրարկումը կրնայ տարբերիլ մէկ երկրէն միւսը, որովհետեւ ամէն տեղ հայերէնի իմացութեան աստիճանը նոյնը չէ: Հետեւաբար, ուսուցիչներ կրնան դասերը ամբողջութեամբ կիրարկել, կամ առնել միայն բաժիններ, որոնք կը յարմարին իրենց աշակերտներուն պայմաններուն:

Այս հարթակէն կրնան օգտուիլ ամէնօրեայ կամ միօրեայ հայկական վարժարաններու մէջ պաշտօնավարող եւ արեւմտահայերէնով դասաւանդող բոլոր հայ ուսուցիչները:

Հարթակին մասնակցութիւնը անվճար է. ուսուցիչներ կրնան մուտք գործել, արձանագրուիլ եւ օգտուիլ այնտեղ տեղադրուած դասերէն: Հարթակին վրայ արդէն իսկ տեղադրուած են տասնեակ մը դասեր եւ պիտի շարունակուին պարբերաբար տեղադրուիլ մինչեւ յունուար 2024, երբ ծրագիրը կը հասնի իր աւարտին:

Հարթակէն օգտուելու համար այցելեցէ՛ք Hayavant.com կայքը:

Հայատառ Ստեղնաշար

«Հայաւանդ» ծրագիրի ծիրին մէջ քոլեճի տնօրէնութիւնը ձեռնարկեց նաեւ հայատառ ստեղնաշար պատրաստելու աշխատանքին, որ յաջողութեամբ աւարտեցաւ, եւ այսօր, առաջին անգամ ըլլալով, աշակերտներ եւ ուսուցիչներ առիթը պիտի ունենան հայերէն տառերով ստեղնաշարեր գործածելու իրենց համակարգիչներուն վրայ:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ
ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ

«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրական կազմը եւս ստացաւ հայատառ ստեղնաշարը, որուն համար իր շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տնօրէնութեան:

Նախորդը

«Յաւերժ Մեր Սրտերուն Մէջ. Արինին Նուիրական Յիշատակը»

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումը Լիբանանի Հայոց Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց, Դպրաց Դասերու, Տիկնանց Յանձնախումբերու Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Եւ Աղքատախնամ Մարմիններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.