Երեքշաբթի, 17 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հայ աւետարանական Առաջին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Ռուպինա Արթինեանի «Լիբանանահայ խմբերգային արուեստը, 1920-2020» մենագրութեան շնորհահանդէսը:
Բացումը կատարելով հանդիսութեան` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բարիգալուստ մաղթեց ներկաներուն, թարգմանը հանդիսացաւ այս գիրքին հրատարակման առիթով Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան գոհունակութեան եւ, ի միջի այլոց, հարց տուաւ. «Զուգադիպութիւ՞ն է արդեօք, որ կազդուրող, ջլապնդող ու վերագոյացնող, վիպազդու հայ երգի ու երգչախումբի այս բնագաւառին լիբանանահայ տարեգրութիւնը լոյսին կու գայ հայ ժողովուրդի ընկրկումի ու նահանջի զգացումներու այս փուլին: Արդեօ՞ք հայ երգը, տիկին Արթինեանի երակներուն ընդմէջէն, այս գիրքին լեզուով մեզի` բոլորիս կը յուշէ, որ իրե՛ն դիմենք, իր ծառայութիւններն ու զի՛նք լիարժէք օգտագործենք մեր այս ճգնաժամային փուլին, ինք, որ ապացուցած է իր կախարդական հրաշքին կարողութիւնը»:
Ապա բեմ բարձրացաւ լիբանանահայ երիտասարդ խմբավար Կարօ Աւեսեան, որ կարդաց Հայաստանի երաժշտական ընկերակցութեան պատուոյ նախագահ, Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի խմբավարութեան ամպիոնի վարիչ, փրոֆեսէօր Դաւիթ Ղազարեանի ողջոյնի գիրը: Ղազարեան հատորը նկատած էր «իւրայատուկ…եւ արժանի` ամենաբարձր գնահատանքի», եւ` աւելցուցած. «Ռ. Արթինեանը երաժշտագէտի, մատենագրի հմտութեամբ կարողացել է Լիբանանում գործող երգչախմբերի, նրանց խմբավարների, դաշնակահար-նուագակցողների մասին տալ ամփոփ տեղեկութիւններ… այս արժէքաւոր աշխատութիւնը իր պատուաւոր տեղը կարող է զբաղեցնել հայ երաժշտագիտութեան պատմութեան մէջ»:
Լիբանանահայ ծանօթ երաժշտագէտ, Քասլիքի համալսարանի երաժշտութեան բաժանմունքի բարձրագոյն եւ մասնագիտական երաժշտութեան ուսման բաժինի վարիչ, դոկտ. Էտի Թորիկեան «նախընթացը չունեցող, ազգանուէր, մէ՛կ դարու վաւերական տեղեկագիրք-աշխատասիրութիւն ու վիթխարի գործ» նկատեց գիրքը, արդիւնք` 42 տարիներու տքնաջան աշխատանքի եւ Արթինեանի «անսակարկ եւ անշահախնդիր նուիրումի հոգիին»: Թորիկեան ներկայացուց գիրքին կառոյցը, բովանդակութիւնը իւրաքանչիւր գլուխը, անդրադարձաւ երգչախումբ կազմելու, մարզելու, համերգներ կազմակերպելու եւ ներկայացնելու վարչական թէ այլեւայլ դժուարութիւններուն, մատնանշեց գիրքինմէջ առկայութիւնը յիսունէ աւելի երգչախումբերու, անոնց նոյնքան եւ աւելի խմբավարներու կենսագործունէութեան, ընդգծեց երգացանկերու, լուսանկարներու գոյութիւնը, նշեց գիրքին «մաքուր, յստակ ու բոլորին դիւրամատչելի արեւմտահայերէնով շարադրուածութիւնը», գնահատեց հեղինակուհիին սխրանքը եւ հետեւցուց թէ` «սփիւռքի մէջ երգչախումբ պահելու համար կարծէք թէ երեք պայմաններ անհրաժեշտ կ՛ըլլան.- 1) կրօնական կամ ազգային միութիւն մը, որուն պատասխանատու վարչական կազմը գիտակից ըլլայ երգչխումբի մը ստեղծման եւ պահպանումին կարեւորութեան, 2) ազգանուէր եւ ուսեալ խմբավար մը, 3) բաւականաչափ թիւով անդամներ, որպէսզի բազմաձայն երգչախումբի մը նուազագոյն քանակը ապահովուի»:
Ապա բեմ բարձրացաւ հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը, որ վեր. Նշան Պագալեանի ճպոտին ներքոյ կատարեց «Ով հոգւոյս սիրող Քրիստոս (խօսք` Չարլզ Ուեսլի, երժշտ. Պօղոս Ճելալեան) եւ «Տէր, պահէ՛ զիս» երգերը (խօսք եւ երժշտ. վեր. Յակոբ Ճամպազեան):
Իր սրտի խօսքին մէջ Ռուպինա Արթինեան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսի կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն, գիրքի խմբագիր Նորա Բարսեղեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք սատարած էին գիրքին հրատարակման: Ան պատմեց, որ գիրքին կորիզը եղած էր Հայկազեան քոլեճի (այն ատեն) հայագիտական ամպիոնի պսակաւոր արուեստի վկայականի իր աւարտաճառը: Արթինեան, ընդառաջելով իր դասախօս դոկտ. Երուանդ Քասունիի խորհուրդին, լծուած էր այդ աշխատանքին, մանաւանդ որ` «Ամբողջ կեանքս սնանած էի Բարսեղ Կանաչեանի երգերով ու երգած էի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ Կանաչեանի կազմած աշակերտական երգչախումբին մէջ»: Արթինեան բացատրեց.
«Երբ հանգստեան կոչուեցայ համալսարանի լիաժամ գործէս, սկսայ լրջօրէն մտածել երգչախմբային տարեգրութեան պատմութիւնը վերծանելու մասին` սկիզբէն մինչեւ օրս….1982-ին կատարած հարցազրոյցներս եւ հաւաքած տեղեկութիւններս բաւական օգտակար եղան, սակայն ինքզինքս գտայ հսկայական փազըլի մը առջեւ, որ կը պահանջէր ամէնօրեայ յարատեւ կորով ու աշխատանք»: Մամուլին մէջ Արթինեանի յամառ պրպտումները նպատակ ունէին` «Լիբանանահայ երգչախումբերու եւ խմբավարներու գործունէութեան ամբողջական պատկերը կազմել, բայց եւ այնպէս, երբեմն աղբիւրներու սակաւութեան դէմ յանդիման գտնուեցայ»: Խօսքի աւարտին Արթինեան կոչ ուղղեց ներկաներուն. «Մեր երգչախումբերը հայ հոգիի հարազատ ձայնը մեզի կը փոխանցեն. տէ՛ր կանգնինք, զօրավի՛գ ըլլանք մեր երգչախումբերու առաքելութեան եւ յարատեւման…»:
Ապա բեմ բարձրացան Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի իգական սեռի անդամները, որոնք մայեսթրօ Գրիգոր Ալլոզեանի խմբավարութեամբ կատարեցին տարուան չորս եղանակները ներկայացնող «Գարուն, ամառ, աշուն, ձմեռ» երգը (խօսք` Վարուժան արք. Հերկէլեան, երժշտ. Ալեքսան Մնակեան):
Շնորհահանդէսին փակումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ նկատեց, թէ` «Ստեղծագործութիւնը պայմանաւորուած չէ պարզապէս աշխատանքի նեղ սահմանումներով, այլ կախեալ է նաեւ ներքին մղումէ ու կոչումէ»: Ան ի միջի այլոց աւելցուց, թէ` «Երաժշտութիւնը, մանաւանդ երգը, կեանքին կու տան խորք ու փայլք: Իսկ երգչախմբային արուեստը դաստիարակութիւն է, միասնութիւն, զսպուածութիւն, խոնարհութիւն, համահունչութիւն, խմբային ինքնութիւն», հաւաստելով, թէ` «մեր նման զգացական ժողովուրդի մը համար երգը կեանքի ընկեր, նոյնիսկ մահուան ընկեր է»: Ան կոչ ուղղեց. «Այսօր, մեր սրտին, մտքին ու լեզուին վրան նոր երգ պիտի երգենք, մենք, իբրեւ հաւատացեալ ժողովուրդ, նոր երգի զաւակներ ըլլանք»: Ան խօսքը ուղղելով հեղինակին, ըսաւ. «Դուք, տիկին Արթինեան այսօր նոր զարկ կու տաք մեր երգչախմբային մշակոյթին: Հարիւր շնորհաւորութիւն` նաեւ ձեր ընտանիքին, աջակիցներուն, հարիւր տարիներու երգչախմբային մշակոյթը իրականացնողներուն եւ հրատարակութեան պատրաստութիւնը տեսնողներուն, նաեւ հանդիսութեան բաժին վերցնողներուն»:
Շնորհահանդէսը իր լրումին հասաւ ներկաներու «Հայր մեր»-ի միահամուռ երգեցողութեամբ, որմէ ետք Ռուպինա Արթինեան բակը, կարմիր գորգի վրայ դրուած սեղանին նստած` մակագրեց այս աննախընթաց հատորը:
Գիրքը կը հանդիսանայ Հայկազեան համալսարանի հրատարակչատան հրապարակած 52-րդ հատորը: