Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային Ծառայութեան Բաժանմունք. Մեծ Թիւով Հայորդիներ Օգտուեցան «Անվճար Հագուստի Աշխարհ» Նախաձեռնութենէն

Հոկտեմբեր 23, 2023
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին հինգշաբթի, 19 եւ ուրբաթ, 20 հոկտեմբերին երկու օրերու վրայ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 5-րդ անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Անվճար հագուստի աշխարհ» նախաձեռնութիւնը:

Արդարեւ, շրջափակին մէջ տեղադրուած էին սեղաններ, որոնց վրայ շարուած էին այր մարդոց, կիներու եւ փոքրերու յատուկ հագուստներ եւ կօշիկներ, ինչպէս նաեւ սեղան մը տրամադրուած էր խաղալիքներու եւ գիրքերու: Կարգ մը հագուստներ նաեւ կախիչներով շատ կոկիկ կախուած էին:

Վայրը այցելեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան, փոխատենապետ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան:

Սրբազան հայրը գնահատեց կատարուած աշխատանքը եւ քաջալերեց Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքի գործունէութիւնը, որ իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ անհրաժեշտը կը տնօրինէ, որպէսզի գէթ կարիքաւորները անկիւն մը ունենան, ուր կարենան իրենց պէտքերուն համաձայն հագուստի, կօշիկի, խաղալիքներու, գիրքերու իրենց կարիքները բաւարարել: Առաջնորդ սրբազան հայրը յոյս յայտնեց, որ ընկերային այլ ծառայութիւններու կողքին մեր ժողովուրդին անհրաժեշտ աջակցութիւնը ընծայենք այս խողովակով:

Ազգային վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Արսլանեան քաջալերելի նկատեց նախաձեռնութիւնը, սակայն նկատել տուաւ, որ բնաւ չէր մաղթեր, որ այսպէս մեծ թիւով հայորդիներ ներկայանան եւ օգտուին ծրագիրէն, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը երբեք չէ հասած այսպիսի կարօտեալ վիճակի, սակայն երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապը պարտադրեց, որ  հայորդիները նման պայմաններ դիմագրաւեն: Ան գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ կոչ ուղղեց հայորդիներուն` իրենց լաւ եւ մաքուր գործածուած հագուստներն ու խաղալիքները տրամադրելու Ընկերային բաժանմունքին:

Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին մօտ Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը ունի տարբեր ծրագիրներ, ինչպէս` տարեցներու հոգատարութեան, բարգաւաճման, հիւանդանոցային, բժշկական, դեղորայքի ծրագիրներ, նաեւ այս` «Անվճար հագուստի աշխարհ» ծրագիրը: Ան դիտել տուաւ, որ մեր ունեցած օրհնութիւններն ու բարիքները պէտք է բաժնեկցինք մեր ազգայիններուն հետ, եւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ կարիքաւոր ազգայիններ արժանավայել ձեւով կը ներկայանան եւ իրենց կարիքին համապատասխան ապրանք կ՛առնեն:

Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ տարուան ընթացքին քանի մը փուլերով կ՛իրագործուի այս նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ ծրագիրը բաժանմունքին մէջ պիտի շարունակուի մնայուն «Պութիք»-ի դրութեամբ: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց աշխատանքով յաջողցուցին այս նախաձեռնութիւնը, ինչպէս` եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, որոնք երեք օրէ ի վեր կամաւորաբար ներկայացան եւ օգտակար հանդիսացան նախապատրաստական աշխատանքներուն, նաեւ Ազգային առաջնորդարանի պաշտօնէութեան:

Ընկերային բաժանմունքի վարիչ Սարին Շէմէմեան բացատրեց, որ ցուցադրուած հագուստներէն ոմանք մաքուր գործածուած են եւ տրամադրուած են կարգ մը ազգայիններու կողմէ, իսկ ոմանք նոր ապրանքներ են` տրամադրուած կարգ մը խանութներու կամ հաստատութիւններու կողմէ: Անդրադառնալով այս ծրագիրի կարեւորութեան` ան նկատել տուաւ, որ ներկայ տնտեսական տագնապին մէջ ծնողքի մը համար դժուար է հագուստ գնել իր զաւկին կամ զաւակներուն, եւ այս ծրագիրը օգտակար կը դառնայ, որ անվճար ապահովեն իրենց զաւակներուն, նաեւ իրենց հագուստները: Սարին Շէմէմեան բացատրեց նաեւ, որ եթէ հաստատութիւններ կամ ընտանիքներ կը փափաքին իրենց մաքուր գործածուած կամ նոր հագուստները տրամադրել Ընկերային բաժանմունքին, կրնան ներկայանալ բաժանմունքի կեդրոն` նախկին Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան, երրորդ յարկ: Անդրադառնալով մնայուն «Պութիք» ունենալու գաղափարին` ան նկատել տուաւ, որ բաժանմունքի կեդրոնին մէջ արդէն իսկ պատրաստ է սենեակը, եւ շաբաթական 2-3 օր մեր ազգայինները կրնան ներկայանալ: Ան յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց եկեղեցիներու տիկնանց յանձնախումբերուն, որոնք կամաւոր ներկայացան եւ օգտակար հանդիսացան նախապատրաստական աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ երկու օրերու վրայ մեծ թիւով ազգայիններ ներկայացան եւ օգտուեցան «Անվճար հագուստի աշխարհ» նախաձեռնութենէն:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Նախագահութեամբ` Արցախեան Հարցին Յատկացուած Նիստեր

Յաջորդը

Հայաստանի Ազգային Գրադարան. Աւօ Գաթրճեան Ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան Ազդեցութիւնը Երգ-Երաժշտութեան Վրայ» Նիւթով Դասախօսութիւնը

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?