Ինքնաքննութենէ Վերակազմակերպում
«Սփիւռքի տարուան» շրջագիծին մէջ, երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2023-ին, ընթացք առաւ լիբանանահայ թեմական եւ համայնական կառոյցներուն կեանքը վերաշխուժացնելու ու վերակենսաւորելու նպատակով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եռօրեայ պաշտօնական հանդիպում-զրոյցներուն շարքը` «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» խորագրեալ:
Արդարեւ, յաջորդական երեք օրերու ընթացքին, վեհափառ հայրապետը Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ պիտի հանդիպի Ազգային իշխանութեան, Լիբանանի հայոց թեմի հոգեւորականութեան, եկեղեցիներու թաղականութեանց, կիրակնօրեայ վարժարաններու, դպրաց դասերու, տիկնանց յանձնախումբերու, աղքատախնամ մարմիններու, ինչպէս նաեւ կուսակցութիւններու, կառոյցներու, միութիւններու, հայկական վարժարաններու, կազմակերպութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու պատասխանատուներուն ու ներկայացուցիչներուն հետ:
Արդարեւ, առաջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 23 հոկտեմբեր 2023-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ: Հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի հայոց ըեմի Ազգային երեսփոխանները, Ազգային վարչութեան անդամները, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային առաջնորդարանի հովանիին տակ գործող բոլոր խորհուրդներուն եւ յանձնախումբերուն ներկայացուցիչները:
Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային իշխանութիւններուն անունով ողջունելէ ետք վեհափառ հօր ներկայութիւնը` նկատել տուաւ, որ անցնող երկու տարիներուն, հայրապետական սրբատառ կոնդակով, վեհափառ հայրապետը համայն հայութեան ուշադրութիւնը ուղղեց դէպի սփիւռք եւ մեր ժողովուրդը հրաւիրեց նոր զարթօնքի, որպէսզի նոր ճիգով առաջքը առնուի սփիւռքահայ մեր կեանքին մէջ նշմարուող ընդհանուր նահանջին: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ սոյն հանդիպումը կը միտի հրապարակային ձեւով խօսիլ սփիւռքի ներկայ իրավիճակին մասին, որպէսզի մեր համայնական կեանքը նորոգելու ու ամրացնելու հրամայականներուն թելադրութեամբ, նաեւ նոր որոնումներ կատարենք ու նոր քայլերու դիմենք:
«Անկասկած, սփիւռքի գոյավիճակը մտասեւեռումի նիւթ դարձնելու գործին պէտք է առնչուին հայ հոգեւորականն ու հայ աշխարհականը, հայ մտաւորականն ու հայ հաւատացեալը, ժողովականն ու յանձնառութեան տենչ ունեցող ամէն հայ անհատ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ անցնող տասնամեակներուն, օտարութեան պայմաններու մէջ ապրելով հանդերձ, մեծաւ մասամբ, սփիւռքահայ մեր ժողովուրդը, հայրենական յիշատակները իր սրտին մէջ ամփոփելով, իր ինքնութեան նկատմամբ մնաց հաւատարիմ եւ իր հաւատքով ու աշխատանքով պաշտպանեց իր հոգեւոր ու ազգային կեանքին նկարագիրը:
Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ այսօրուան հանդիպումը առաւելաբար կը կեդրոնանայ լիբանանահայ մեր կեանքին վրայ, որ հակառակ իր դիմագրաւած անընդմէջ տագնապներուն ու զանազան դժուարութիւններուն, անցնող տասնամեակներուն ո՛չ միայն տոկաց ու դրական յառաջընթացով յարատեւեց, այլեւ իր ստեղծած կշռոյթով նաեւ կրցաւ ապահովել սփիւռքահայ կեանքին հայադրոշմ վիճակը: Ան դիտել տուաւ, որ պէտք է իրապաշտ ըլլանք մեր գնահատականին մէջ եւ ընդունինք, թէ ժամանակը հասած է, որ մենք եւս մտահոգուինք մեր ներկայով ու լծուինք մեր կեանքն ու աշխատանքը վերայարդարելու հեւքին, որովհետեւ համաշխարհային բարքերու ներկայ խառնարանին մէջ, մեր կեանքին մէջ սկսած են սպրդիլ շեղումներ եւ մեր վիճակն ալ սկսած է փոխուիլ:
«Որպէսզի սփիւռքը գոյատեւէ, մեր կեանքը յագեցած պէտք է ըլլայ մեր եկեղեցւոյ սրբութեան շունչով, հայոց պատմութեան տենդով, հայ մշակոյթի լոյսով, մեր ազգի ծոցին մէջ աճած ու պահպանուած սեփական աւանդութիւններով: Մինչեւ երէկ այդպէս կ՛ըմբռնէինք մեր գոյութիւնը, եւ երբ տակաւին մեր թաղերը հայահոծ էին, մեր հաւաքականութիւնը առաւելաբար աւանդական-բարոյական այդ սկզբունքներով կը վարէր իր կեանքը: Սակայն, այսօր, համաշխարհային բարքերու պայմաններուն մէջ, մեր սեփական հաւատալիքները սկսած են չքանալ եւ առօրեայ իր մտահոգութիւններուն յանձնուած մեր ժողովուրդն ալ սկսած է կամաց-կամաց հեռանալ իր եկեղեցիէն, դպրոցէն, ակումբէն ու կառոյցներէն», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ վերջին տարիներուն, ներքին լիբանանեան ժողովրդային տեղաշարժին հետեւանքով, ո՛չ միայն հայկական թաղերու դատարկումը թափով շարունակուեցաւ, այլեւ մտահոգիչ հանգամանք ստացաւ մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան վիճակը, որ այսուհետեւ Լիբանանի մէջ հեռանկար չտեսնելով իր ապագային համար, կը լքէ երկիրն ու կը հեռանայ:
Սրբազանը ըսաւ, որ «Սփիւռքի տարուան» առիթով, վեհափառ հայրապետը մեզի կը յանձնարարէ ինքնաքննութենէն անդին անցնելով, նոր ճիգով մեր ժողովուրդը հաւաքելու փորձ կատարել, հոգեւոր ու ազգային ընդհանրական հարցերու շուրջ սիրտերը միաւորել` դէպի նահանջ ուղղուած սփիւռքի կեանքը բարեշրջելու նպատակով, նոր ու ճիշդ որոշումներ կայացնել, որպէսզի մեր գաղութը ձեռնածալ ու ձեռնունայն չմնայ, այլ զինք ջլատող պայմանները թօթափելու աշխատանքին լծուի»: Հետեւաբար, ան հարց տուաւ, թէ տուեալ պայմաններուն մէջ, կրնա՞նք լիբանանահայ մեր կեանքի երբեմնի որակն ու աշխուժութիւնը վերականգնել, մեր ընտանեկան յարկերը ազգային ու բարոյական արժէքներով ամրացնելու փորձ կատարել, մեր զաւակներուն ջանքերը համախմբելով մեր համայնական կեանքը նորոգել, նոր սերունդը իր հարազատ արմատներուն ուղղել եւ այդպիսով մեր վաղուան կեանքը ծրագրել ու նոր աշխատանքով, ազգային մեր յարատեւութեան համար նոր վաստակ գոյացնել:
Այնուհետեւ, սրբազան հօր հրաւէրով, պաշտօնական խօսք արտասանեց Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վիգէն Աւագեան, որ գօտեպնդիչ նկատեց Ազգային առաջնորդարանի յարկին տակ վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը, որ թէեւ ժողովրդային բնոյթ չունի, սակայն հանդիպումին գլխաւոր օրակարգը ժողովուրդն է, ժողովուրդի զաւակներէն բաղկացած Լիբանանի հայոց թեմն է, որ հաւաքուած է զրուցելու «Ինքնաքննութենէ վերակազմակերպում» նիւթերուն մասին, իր կեանքը վերաշխուժացնելու եւ վերակենսաւորելու առաջադրանքով:
Աւագեան նկատել տուաւ, որ երկու տարիէն թեմը կը բոլորէ իր կազմութեան 100-ամեակը, որ քիչ ժամանակ չէ, մանաւանդ Լիբանանի նման երկրի մը համար, ուր քաղաքական ցնցումները, պատերազմները, տնտեսական կացութեան վերիվայրումները եւ ընկերային տագնապները յաճախ կը ստեղծեն չնախատեսուած դժուարութիւններ, շարունակաբար թեմական մարմինները դնելով ամէն հարցի լուծում մը գտնելու անյետաձգելի պարտաւորութեան դիմաց: Ան յիշեց, որ հարիւրամեայ կեանք ունեցող Լիբանանի թեմը ունի նաեւ մեծ աւանդ, ներուժ ու տագնապներ դիմագրաւելու, դժուարութիւններ յաղթահարելու լայն փորձառութիւն եւ իր ժողովուրդին կեանքը աշխուժ պահելու համար անհրաժեշտ միջոցներ ու պայմաններ:
«Այսօր, Լիբանանի հայոց թեմը, ինչպէս այլ թեմեր, դէմ յանդիման կանգնած է տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու եւ մարտահրաւէրներու, ու բնական է, որ իրենց տագնապներուն յարմար լուծումներ գտնելու համար, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ակնարկները դարձեալ սեւեռին թեմական պատասխանատուներու ուղղութեամբ: Հետեւաբար, բարեբաստիկ այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ քննելու եւ խորհրդածելու համար Լիբանանի հայութեան ամբողջական վերակազմակերպման լուրջ կարելիութիւնը` իր հաւաքական կեանքով, թեմական կառոյցներով, մտածողութեամբ եւ դերակատարութեամբ», հաստատեց Աւագեան` յիշելով, որ թեմական-ազգային մեր կարողութիւնները հետզհետէ անբաւարար կը դառնան մեր կարիքներուն ընդառաջելու համար. մեր կառոյցները կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնը, հայ լեզուն, դպրոցը, ընտանիքն ու մշակոյթը կը նահանջեն օրէ օր, նաեւ արտագաղթը, յատկապէս երիտասարդ խոստմնալից տարրերու մեկնումը երկրէն, լրջօրէն կը մտահոգէ բոլորս:
Ան ըսաւ, որ տագնապալի այս կացութեան դիմագրաւման գլխաւոր միջոցը հարցերու իրապաշտ եւ քննական մօտեցումն է: Մենք պէտք է մեզ վերարժեւորելու քաջութիւնը ունենանք եւ մեր կեանքը վերակազմակերպելու հրամայականով առաջնորդուինք: Դիտել տալով, որ ցարդ թէեւ թեմի ներքին կեանքին աշխուժացման համար փորձեր կատարուած են, սակայն վերակազմակերպումի օրակարգը, ընդհանրական լայն հասկացողութեամբ, թեմական քննարկումի արժանացած չէ եւ ցարդ կարելի չէ եղած մշակել մեր կեանքի նոր պայմաններուն համապատասխան գործելու ընդհանուր եւ հաւաքական ծրագիր մը, մեկնելով թեմին կարիքներէն եւ պահանջներէն:
Շարունակելով իր խօսքը` Աւագեան դիտել տուաւ, որ վերակազմակերպումը, հայ եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան կենսագործումով, հայ մշակոյթի ծաղկումով եւ հայ դպրոցի հզօրացումով, երկարատեւ գործընթաց է, որուն ուղին յստակօրէն գծած է վեհափառ հայրապետը, ճշդելով հետեւեալ յաջորդական չորս քայլերը.
ա) համապարփակ ծրագրում,
բ) առաջնահերթութիւններու դասաւորում,
գ) գործելակերպի ու գործընթացի ճշդում,
դ) հանգրուանային իրագործում:
Ան նկատել տուաւ, որ եկեղեցին, թեմական-ազգային մեր կառոյցներն ու մարմինները, նաեւ բոլոր ներկաները կարեւոր դեր ունին առաջադրուած գործընթացին մէջ` ժողովուրդը հասարակաց արժէքներու եւ համահայկական նպատակներու շուրջ համախմբուած պահելու համար: Ուստի, Աւագեան կոչ ուղղեց բոլորին, առաջնորդ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ, մասնակցելու վերակազմակերպման այս յոյժ կարեւոր ու անյետաձգելի գործընթացին, մեր գործունէութեան սլաքը ուղղելով դէպի հաւաքական մեր կեանքը եւ զայն կազմաւորող, կազմակերպող եւ առաջնորդող թեմական մեր մարմինները եւ համապատասխան կառոյցները: Ան իր խօսքը եզրակացուց ըսելով. «Պէտք է քայլ պահել ժամանակին հետ, շարունակ վերատեսութեան ու վերարժեւորումի ենթարկել թեմական մեր կառոյցներուն գործունէութիւնը` յստակացնելով անոնց առաջնահերթութիւնները, որովհետեւ թեմական-ազգային մեր կառոյցները ազգային գիտակցութիւն եւ արժէքներ փոխանցող հիմնական միջոցներ են, առանց որոնց կ՛օտարանանք եւ կ՛այլասերինք»:
Հուսկ ապա, հայրապետական իր պատգամը ներկաներուն ուղղելով` վեհափառ հայրապետը գոհունակութիւն յայտնեց, որ դարձեալ կը գտնուի Լիբանանի հայոց թեմին մէջ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմական կառոյցին մէջ իր իւրայատուկ տեղն ու արժէքը ունի` իր դերակատարութեամբ ու նկարագիրով:
Անդրադառնալով սփիւռքի վերակազմակերպման` վեհափառը շեշտեց, որ վերակազմակերպում բառը այլեւս մեզի համար լոզունգ պէտք չէ դառնայ: Լոզունգները կարեւոր են իբրեւ յիշեցում, սակայն եթէ անոնք գործընթացի չեն վերածուիր, կը դառնան անիմաստ եւ նոյնիսկ վնասակար: Ան շեշտեց, որ այսօր սփիւռքը կը գտնուի նոր իրականութեան դիմաց, որուն առջեւ մենք չենք կրնար նոյնը մնալ, նախկին ոճով մտածել ու գործել եւ ա՛յս է հիմնական հարցը: Սփիւռքի հայութիւնը զանազան գաղութներու մէջ պէտք է անդրադառնայ եւ խորունկ գիտակցութիւնը ունենայ, թէ իր շուրջը համաշխարհային փոփոխութիւններ տեղի կ՛ունենան, որոնց դիմաց ինք չի կրնար իր կեանքը, իր բոլոր տարածքներով, արտայայտութիւններով, առաջնահերթութիւններով, վերաքննութեան եւ վերարժեւորումի չենթարկել: «Ես խորապէս համոզուած եմ, որ սփիւռքը վերաքննութեան կարիքը ունի», ըսաւ վեհափառ հայրապետը եւ հարց տուաւ, թէ «ի՞նչ է սփիւռքը: Ո՞վ ենք մենք սփիւռքի մէջ: Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ սփիւռքի մէջ: Մենք այսօր պէտք է իմաստութիւնը եւ քաջութիւնը ունենանք հարցադրումներ կատարելու, քննական ոգիով վերատեսութեան, վերարժեւորումի եւ վերաքննութեան ենթարկելու մեր կեանքը, մտածելակերպը, կառոյցները, կազմակերպութիւնները, եւ այս մէկը ո՛չ միայն հրամայական անհրաժեշտութիւն է, այլեւ մենք արդէն իսկ ուշ ենք», ըսաւ ան:
Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ, որ 2022 եւ 2023 տարիները նուիրելով սփիւռքին, փորձած է ընդհանուր գիծերով լուսարձակի տակ բերել սփիւռքին առնչուած կարգ մը հարցեր` աւելցնելով, որ յառաջիկայ տարին պիտի ձօնէ մարդուժի պատրաստութեան, որովհետեւ մեր հաւաքական կեանքին մէջ, աշխատանքներուն մասնակցութիւն բերող, ծառայող, մեզի ուղղութիւն տուող, մեր կեանքին որակ տուող մարդոց կարիքը ունինք: Ան շեշտեց, որ սփիւռքի վերակազմակերպումը սովորական մտահոգութիւն կամ երեւոյթ մը չէ եւ, հետեւաբար, այդքան ալ դիւրին ու հեզասահ կերպով կարելի չէ զայն իրականացնել: Անցնող 4-5 տարիներուն, այս շրջագիծին մէջ, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ համագումարներ կազմակերպուած են, քննարկումներ կատարուած են, եւ թեմերու այցելութեանց ընթացքին բազմիցս ինք խօսած է այս մասին, եւ, հետեւաբար, գոհունակութեամբ կրնայ հաստատել, որ կատարուած ճիգը ունեցած է դրական արձագանգ, թէ՛ մասնակցութեան իմաստով եւ թէ՛ ժողովուրդին մօտ գտնուող պատրաստակամութեան տեսակէտով: Ան բացատրեց, որ սփիւռքը կարելի չէ մէկ ամբողջութեան ծիրին մէջ դիտել, որովհետեւ գաղութներու միջեւ հսկայ տարբերութիւն կայ, եւ պէտք է կարեւորութեամբ նկատի ունենալ իւրաքանչիւր գաղութի ներքին դրուածքը եւ շրջապատի պայմանները: Սակայն արծարծուած հարցերուն մէջ հիմնական մէկ իրողութիւն կայ. «գաղութը պատրա՞ստ է ինքզինք քննելու եւ վերանորոգման ենթարկելու: Այս մէկը շատ կարեւոր է իբրեւ մեկնակէտ», նշեց վեհափառ հայրապետը եւ նկատել տուաւ, որ մեր սեփական արժէքները պահելու տենդէն բռնուած, չենք կրցած անհրաժեշտ չափով քայլ պահել մեր շուրջ տեղի ունեցած շարժումներուն, փոփոխութիւններուն եւ զարգացումներուն հետ եւ փորձած ենք մեր նեղ շրջագիծին մէջ մնալ եւ ձգտած ենք եղածը պահել. իսկ եթէ փորձ կատարուած է եղածը փոխելու, մարդ կամ կառոյց, աւանդութիւն կամ մտայնութիւն, անպայմանօրէն հակազդեցութիւն, պոռթկում ու նեղութիւններ յառաջացած են: Ան շեշտեց, որ այս մտայնութիւնը պէտք է փոխուի, որովհետեւ մենք կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր փոփոխութիւնները արագընթաց են, եւ չենք կրնար խուսափիլ մեր շրջապատին մէջ կատարուող զարգացումներէն: Վեհափառ հայրապետը դիտել տուաւ, որ «Սփիւռքի տարի»-ին վերաբերող հայրապետական երկու հռչակագիրներուն մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձած է թեմական կառոյցներուն, որովհետեւ թեմը միայն եկեղեցի չէ, այլ տուեալ գաղութի ամբողջականութիւնն է: Հետեւաբար, վերակազմակերպումի գործընթացը պէտք է թեմէն սկսի, որովհետեւ սփիւռքը թեմական կառոյցներու եւ եկեղեցւոյ շուրջ կազմաւորուած վիճակ է: «Թեմական իշխանութիւնը մեր գաղութին վարչամեքենան կը ներկայացնէ, իր ներքին բաժանումներով եւ այդ հաւաքական իշխանութիւնը պէտք է միշտ աշխուժ ու կենսունակ պահենք», շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոսը եւ աւելցուց, որ Լիբանանը այն թեմերէն է, ուր Ազգային սահմանադրութեան բոլոր խորհուրդները եւ մարմինները կը գործեն, եւ թելադրեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայել այդ մարմիններուն, անոնց մէջ ներառելով ծառայող, գիտակից, մասնագէտ անձեր, երիտասարդ ուժեր, ներառեալ իգական սեռի ներկայացուցիչներ, միշտ նկատի ունենալով ներկայ կեանքէն թելադրուող կարիքները, պայմանները եւ առաջնահերթութիւնները:
Շեշտելով կեանքին մէջ իրապաշտ ըլլալու գաղափարը` վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ անհրաժեշտ է կեանքը տեսնել այնպէս ինչպէս որ է եւ ո՛չ թէ այնպէս ինչպէս որ մենք կ՛ուզենք զայն տեսնել: «Պէտք է իրապաշտ ըլլանք եւ ընդունինք մեր բացթողումները, որպէսզի կարենանք փոփոխութեան ենթարկել եւ սրբագրել սխալները: Հետեւաբար, մենք պէտք է ընդունինք, թէ սփիւռքահայ մեր կեանքը հրամայական կարիքը ունի բարեփոխութեան, որ գաղութներուն մէջ թեմական կառոյցներով պէտք է սկսի», եզրափակեց վեհափառ հայրապետը:
Հաւաքը փակուեցաւ վեհափառ հայրապետին օրհնութեան աղօթքով: