Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամները երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2024-ին այցելեցին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Վարչութեան անդամները վեհափառին ներկայացուցին մայիս ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք Մայիսեան փառատօնին առնչուած աշխատանքները եւ խնդրեցին վեհափառ հայրապետին բարձր հովանաւորութիւնը: Այցելութեան ընթացքին նաեւ ներկայացուեցան Միութեան աշխատանքային յառաջիկայ ծրագիրները: Վեհափառ հայրապետը իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ եւ ջերմ գնահատանքը յայտնեց ի տես ՀՄԸՄ-ի կատարած աշխատանքներուն, ո՛չ միայն Լիբանանի, այլեւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Էլ. Այ. Եու. Համալսարանին Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչում Էլ. Այ. Եու. Համալսարանին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Էլ. Այ. Եու. (LIU) համալսարանի Լեռնալիբանանի բաժինի Հայկական ակումբին, երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2024-ին կէսօրուան ժամը 12:00-ին համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ապրիլեան ցեղասպանութիւն եւ Արցախի կորուստ» խորագիրով Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի նշում: Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Էլ. Այ. Եու.  համալսարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ համալսարանի Հայկական ակումբի ներկայացուցիչ Սթեֆանի Փափազեան: Ողջունելէ ետք ներկաները, ան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի...

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Շրջանային Եւ Միջազգային Պայքարի Մէջ» Խորագիրով Սեմինար Զահլէի Մէջ

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Շրջանային Եւ Միջազգային Պայքարի Մէջ» Խորագիրով Սեմինար Զահլէի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Զահլէի ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէին, շաբաթ, 27 ապրիլ 2024-ին Զահլէի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւնը շրջանային եւ միջազգային պայքարի մէջ» խորագիրը կրող սեմինար, ներկայութեամբ` հոգեւորականներու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, նաեւ` ազգայիններու: Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք «Արամ» կոմիտէի անունով խօսք առաւ Խաժակ Բալուլեան: Ան հաստատեց, որ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպուին ոգեկոչման ձեռնարկներ` յիշելու Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ...

«Մեզի Համար Դատապարտելի Է  Հայ Ժողովուրդին Իրաւունքներէն Եւ Հողերէն Կատարուած Ամէն Զիջում»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Մեզի Համար Դատապարտելի Է Հայ Ժողովուրդին Իրաւունքներէն Եւ Հողերէն Կատարուած Ամէն Զիջում» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի դարձաւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Փոտքեսթ» յայտագիրին հիւրը: Յ. Բագրատունի հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին իր ընտանիքին` մեծ հօր ու նախահայրերուն կրած տառապանքներուն եւ իրենց կրած Ցեղասպանութեան հետեւանքներուն` իբրեւ յաջորդող սերունդներ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ անձնաթուղթին մէջ ան ի՛նչ մականուն կը կրէ` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Բագրատունեան, եւ...

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» Գիրքին Շնորհահանդէս` Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանին Մէջ

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» Գիրքին Շնորհահանդէս` Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանին Մէջ

Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի առաւօտուն «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յարկին տակ` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին կազմակերպած «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագրեալ համագումարի մասնակիցներուն եւ «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ու տեսչութեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան...

Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Կիրակի, 28 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ եւ աւանդական ծաղկեպսակի զետեղում: «Սարդարապատ» ակումբէն, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` դէպի խաչքար, մասնակցութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Ռոստոմ» պատանեկան միութեան եւ ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ զետեղուեցան ծաղկեպսակներ, ...

«Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Գործադրեց Ցեղային Զտման Նոր Օրինակ` Նոր Ցեղասպանութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Ազրպէյճան Արցախի Մէջ Գործադրեց Ցեղային Զտման Նոր Օրինակ` Նոր Ցեղասպանութիւն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի «Հաքի Մաուզուն» հարթակի սեփականատէր Ռոնի Ալֆայի հետ կատարած իր հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործադրուող այսօրուան ցեղասպանութեան, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման, լիբանանեան ու հայկական ինքնութեան եւ անձնական որոշ տուեալներու: Ցեղասպանութեան դրդապատճառներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ Օսմանեան կայսրութեան հիմնական «արժանիքը» ոճրագործութիւնն էր, անիրաւութիւնն ու...

«Յաւերժական Մասունքներ» Խորագիրով Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած

«Յաւերժական Մասունքներ» Խորագիրով Ձեռնարկ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակին Նուիրուած

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, կիրակի, 21 ապրիլ  2024-ին Քաղաքապետարանի դաշտին կից գտնուող կառատան մէջ տեղի ունեցաւ «Յաւերժական մասունքներ» խորագիրը կրող Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղի անդամ Յովսէփ Ասատուրեան, որ ըսաւ, թէ 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութիւնը Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառով տիրող կացութիւնը օգտագործելով` որոշեց բնաջնջել ամբողջ ազգ մը, իրականացնելու համար իր մեծագոյն...

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Պահանջատիրական Քայլարշաւով Կ՛ուխտեն Զինուորները Դառնալ Իրենց Պապերուն Սրբազան Դատին

Ազգային Միացեալ Վարժարանի Աշակերտները Պահանջատիրական Քայլարշաւով Կ՛ուխտեն Զինուորները Դառնալ Իրենց Պապերուն Սրբազան Դատին

Երեքշաբթի,  23 ապրիլ 2024-ը խորհրդանշական եւ անմոռանալի օր մը եղաւ Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտներուն համար, որոնք այս անգամ առիթը ունեցան եզակի քայլարշաւով մը բարձրացնելու իրենց պահանջատիրական ձայնը. անոնք հաստատեցին, որ ժառանգորդներն են նահատակներուն եւ թուրքէն պահանջեցին իրենց մարդկային թէ հողային իրաւունքները: Ընկերակցութեամբ իրենց ուսուցիչներուն ու տնօրէնութեան, քայլարշաւը սկիզբ առաւ վարժարանէն, ուղղուելու դէպի Պուրճ Համուտ` Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթող: Պահանջատէրը այս անգամ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Պապական Նուիրակը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Այցելեց Պապական Նուիրակը

Ուրբաթ, 26 ապրիլ 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Փաուլօ Պորճիա եպիսկոպոսը եւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ նամակ մը յանձնեց վեհափառ հայրապետին: Վեհափառ հայրապետին եւ պապական նուիրակին խօսակցութեան առանցքը դարձաւ ընդհանրապէս Լիբանանի կացութիւնը եւ յատկապէս նախագահական ընտրութիւնը:

«Արցախի Ձայներ» Երաժշտական Համոյթը Արցախի Շունչը, Երգն Ու Պայքարը Շարունակելու Վճռականութիւնը Բերաւ Լիբանան

«Արցախի Ձայներ» Երաժշտական Համոյթը Արցախի Շունչը, Երգն Ու Պայքարը Շարունակելու Վճռականութիւնը Բերաւ Լիբանան

ՆՈՐԱ Բ. Ուրբաթ, 26 եւ շաբաթ, 27 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ գտնուողները ապրեցան հերոսական Արցախով, լիացան արցախեան հարազատ շունչով, լսեցին անոր իւրայատուկ բարբառը, հաղորդուեցան   արցախահայութեան գոյատեւելու կամքին ու վճռականութեան: Այս բոլորը` Արցախի մէջ 2003 թուականին ստեղծուած, իսկ այսօր Հայաստանի մէջ գոյատեւող «Արցախի ձայներ» երաժշտական համոյթին մաս կազմող արցախցի արուեստագէտներուն իւրայատուկ երգին ու երաժշտութեան, պարին եւ հարազատութեան...

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին, երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2024-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան հսկում: Հսկումի ձեռնարկը սկիզբ առաւ «Հետուիկ» սրահին մէջ, ուր բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամ Լոռի Գաբրիէլեան: Ան նշեց, որ արդէն 109 տարի անցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան էջերուն մէջ ակամայ գրուած այդ անմոռանալի եւ դաժան արհաւիրքէն, որուն ենթարկուեցաւ հայ ժողովուրդը, բայց...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշխատանքներ

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններու Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Աշխատանքներ

Պիքֆայայի Յուշարձանին Դիմաց Կրտսեր Պատանիներու Յիշատակի Հաւաք Շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիները մեկնեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք, որուն շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած յիշատակի հաւաք: Պատանիները Պիքֆայայի ապրիլեան յուշակոթողին դիմաց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով նահատակներու յիշատակին զետեղեցին ծաղկեպսակ: ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Շաղիկ Յարութիւնեան, որ...

ԼՕԽ-ի Մէջ Կլոր Սեղան` «Հայ Դատ» Նիւթով

ԼՕԽ-ի Մէջ Կլոր Սեղան` «Հայ Դատ» Նիւթով

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպութեամբ,  երկուշաբթի, 22 ապրիլին առաւօտեան ժամը 10:30-ին «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած կլոր սեղան` «Հայ դատ» խորագիրով, մասնակցութեամբ` Վահրամ Էմմիեանի, Նորա Բարսեղեանի, Արազ Գոճայեանի եւ Գէորգ Եագուպեանի: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներով: Դաստիարակչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Ազնիւ Միքայէլեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւորութեան...

«Ազդակ»-Ի 66-րդ Առցանց Լսարան.  «Այս Բարդ Պայմաններուն Մէջ Ամէնէն Հեռանկարայինը Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Ճամբու Կառուցումն Է». Եղիա Թաշճեան

«Ազդակ»-Ի 66-րդ Առցանց Լսարան. «Այս Բարդ Պայմաններուն Մէջ Ամէնէն Հեռանկարայինը Պարսից Ծոց-Սեւ Ծով Ճամբու Կառուցումն Է». Եղիա Թաշճեան

«Ազդակ»-ի 66-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր 2020-էն ետք  տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական զարգացումները եւ Արցախի հայաթափումը: Դասախօսն էր միջազգայնագէտ, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի գիտաշխատող Եղիա Թաշճեան:  Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Եղիա Թաշճեան կեդրոնացաւ երկու տարածաշրջաններու` Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի ռուս-թուրք համագործակցութեան օրինակներուն վրայ: Այնուհետեւ ան քարտէսներով  անդրադարձաւ թրքական գործօնի ներկայութեան տարբեր աշխարհագրական շրջաններու մէջ` լուսարձակի տակ առնելով...

«Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ Հնչենք» Մրցանքի Բ. Փուլը

«Վանայ Ձայն»-ի «Ճիշդ Հնչենք» Մրցանքի Բ. Փուլը

Երեք ամսուան մրցումներէ ետք, 27 ապրիլի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Վանայ Ձայն»-էն ընթացք կ՛առնեն «Ճիշդ հնչենք» աշակերտական մրցանքին երկրորդ փուլի մրցումները, որոնք երեք հանգրուանով իրարու դէմ կը հանեն լիբանանահայ վարժարաններու Զ., Է. եւ Ը. դասարաններէն ընտրուած լաւագոյն աշակերտները: Արդարեւ, անցնող շաբաթներուն «Վանայ Ձայն»-ը հիւրընկալեցին լիբանանահայ 11 վարժարաններ, ուր տեղի ունեցան մրցանքին առաջին փուլի մրցումները` մասնակցութեամբ 140 աշակերտներու: Մրցումներու արդիւնքներու լոյսին...

«Միասնաբար Քալենք Դէպի Անթիլիաս» Խորագիրով Քայլարշաւ

«Միասնաբար Քալենք Դէպի Անթիլիաս» Խորագիրով Քայլարշաւ

Գործակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, մասնակցութեամբ` ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի սկաուտներուն, շեփորախումբին, մարզական դպրոցներուն, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» պատանեկան միութեան եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, շաբաթ, 20 ապրիլին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք: Ներկայ էին` Պուրճ Համուտի, Մզհերի, Անթիլիասի, Պսալիմի քաղաքապետները, պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ԿԿ-ի...

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներուն, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին եւ շրջանի ԼՕԽ-ի միաւորներուն, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան: Քայլարշաւին իրենց մասնակցութիւնը բերին` Հայկական երեսփոխանական պլոքի եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան,...

Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում

Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց Յուշարձանին Շուրջ` Հայոց Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ին Լէյլաւան-Ֆանարի Նահատակաց յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որ սկիզբ առաւ ջահերթով եւ ծաղկեպսակներու զետեղումով, որմէ ետք պահ մը յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ բոլոր նահատակներուն անթառամ յիշատակը: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի անդամ Բալիկ Պօղոսեան` նշելով. «Ապրիլ 24: Անմոռանալի թուական մը: Թուական մը, որ այլեւս սուգի...

Ճիւնիի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Նոր Դամբարաններու Կառուցում Եւ Նորակառոյց  Մատրան Խաչքարի Օծում

Ճիւնիի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Նոր Դամբարաններու Կառուցում Եւ Նորակառոյց Մատրան Խաչքարի Օծում

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ արք. Փանոսեանի, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան անդամներու, հոգեւորականներու, հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ներկայ ու նախկին նախարարներու եւ երեսփոխաններու, Ճիւնիի քաղաքապետին եւ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն, Պուրճ Համուտի փոխ քաղաքապետին, մարզական, կրթական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներու, նաեւ Ճիւնիի գերեզմանատան բարերար ընտանիքի անդամներ` Ժանին, Քլոտին եւ Անտրէ Ապտել Մեսիհի, շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը...

Page 65 of 365 1 … 64 65 66 … 365

Արխիւներ