Պիքֆայայի Յուշարձանին Դիմաց
Կրտսեր Պատանիներու Յիշատակի Հաւաք
Շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ին ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիները մեկնեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանք, որուն շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակին նուիրուած յիշատակի հաւաք:
Պատանիները Պիքֆայայի ապրիլեան յուշակոթողին դիմաց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններուն անունով նահատակներու յիշատակին զետեղեցին ծաղկեպսակ:
ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին անունով խօսք առաւ Շաղիկ Յարութիւնեան, որ նշեց, թէ դաշնակցական պատանիները պէտք է շարունակեն Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու ուղին` ապրիլ հայօրէն, խօսիլ ու երգել հայերէն, պահպանել հայ մշակոյթն ու արժէքները, զարգացնել Հայաստանը եւ հետապնդել Հայ դատը: Յարութիւնեան ըսաւ, որ պատանիները իրենց աշխատանքներով պէտք է ըլլան միտքով վսեմ, խիղճով մաքուր ու կամքով ամուր եւ դառնան արժանի ժառանգորդները քրիստափորներու, զաւարեաններու եւ ռոստոմներու:
Ապա Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց շարք մը ազգային-հայրենասիրական երգեր, որմէ ետք օրուան խորհուրդը ներկայացուց Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեան, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի հաւաքները առիթներ են վերանորոգելու մեր ուխտը` շարունակելու նահատակներու սրբազան ուղին: Հայր սուրբը նշեց, որ քիչ ետք «Վան», «Սասուն» եւ «Մուշ» անունները կրող փուչիկները արձակելով դէպի երկինք, պատանիները բարձրացուցած կ՛ըլլան իրենց ձայնը` ներկայացնելով մեր հայրենիքին կառչելու գաղափարը, մեր հողերուն տէր կանգնելու պատրաստակամութիւնը եւ պահանջատիրութիւնը շարունակելու խորհուրդը:
Աւարտին պատանիները երգեցին յեղափոխական երգեր եւ արձակեցին փուչիկները, որոնց վրայ գրուած էին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի բռնագրաւուած հողերուն անունները, ինչպէս նաեւ` Սարդարապատի, Ծիծեռնակաբերդի, Պիքֆայայի յուշարձանի եւ «Պապիկն ու մամիկը» արձանի խորհրդանշանները:
Նշեալ փուչիկներով պատանիները վերահաստատեցին, որ չեն մոռնար նահատակներն ու հայրենիքը, եւ ապագային իրենց կարելին ի գործ պիտի դնեն` վերադարձնելու հայ ժողովուրդին իրաւունքները:
Յայտնենք, որ Պիքֆայայէն վերադարձին, ՀՅԴ «Աղբալեան» պատանեկան միութեան կողքին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու կրտսեր պատանիները նաեւ մասնակցեցան ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէի եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն Անթիլիասի մայրավանք քայլերթին:
Եկեղեցիներու Մէջ` Հոգեւորականներու Հետ
Հանդիպում Եւ Պատանիներու Խօսքերու Ներկայացում
Շաբաթ, 20 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան ՀՅԴ «Ռոստոմ», «Արմէն Գարօ», «Քրիստափոր», «Հրայր Դժոխք», «Զաւարեան», «Նաւասարդեան» եւ «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութիւններու երէց պատանիները այցելեցին Ս. Սարգիս, Ս. Աստուածածին, Ս. Վարդանանց եկեղեցի, Ս. Յարութիւն եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցիներ, ուր հանդիպումներ ունեցան հոգեւոր հայրերուն հետ` լսելու անոնց պատգամները եւ աղօթելու սրբադասուած նահատակներուն յիշատակին:
Այս առիթով պատանեկան միութիւնները ներկայացնող պատանիները արտասանեցին միութիւններու խօսքերը, որոնց մէջ շեշտուած էր նահատակներուն յարգանք մատուցելու կարեւորութիւնը եւ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման` շարունակելու հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարը:
Արաբերէն Թռուցիկներու Ցրւում Լիբանանի
Տարբեր Շրջաններու 10 Մայրուղիներու Վրայ
Չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-էն սկսեալ շուրջ երկու ժամուան տեւողութեան երէց պատանիները իրենց շրջաններու մայրուղիներու վրայ պահանջատիրական լոզունգներ կրող ցուցատախտակներով արաբերէն թռուցիկներ բաժնեցին ինքնաշարժներով երթեւեկողներուն:
Թռուցիկներուն մէջ գրուած է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 109 տարիներ ետք տակաւին Հայոց ցեղասպանութեան նման ոճիրները կը շարունակուին, որովհետեւ ցեղասպանը չէ պատժուած: Մօտիկ անցեալին Ազրպէյճան Արցախի դէմ գործադրեց անմարդկային արարքներ եւ տեղահանութիւններ, իսկ ներկայիս պաղեստինցի ժողովուրդը կը դիմագրաւէ թշնամանք, ուր կը խախտուին մարդկային իրաւունքները, եւ ժողովուրդները կ՛ենթարկուի բռնագաղթի, բռնութիւններու եւ բազմատեսակ ոճիրներու: Թռուցիկներու ճամբով ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւնները կոչ կ՛ուղղեն Լիբանանի հասարակութեան` զօրակցելու համամարդկային դատերուն, եւ կը հաստատեն, որ նոր սերունդը եւս պիտի մնայ կառչած Հայ դատին եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու վերականգնման պայքարին:
***
Յայտնենք, որ տարիներու բացակայութենէ ետք ՀՅԴ «Ազատամարտ-Մուրատ» պատանեկան միութիւնը անցնող շաբաթներուն վերսկսաւ իր գործունէութեան ու ընթացիկ հաւաքներուն: Պատանիները չորեքշաբթի, 24 ապրիլ 2024-ին ծաղկեպսակ տեղադրեցին Ֆըրն Շըպպեքի ազգային գերեզմանատան դիմաց եւ մասնակցեցան ՀՄԸՄ Պէյրութ մասնաճիւղի դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարան քայլերթին: