Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Որբերը» Գիրքին Շնորհահանդէս` Ցեղասպանութեան Որբերու Թանգարանին Մէջ

Մայիս 1, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արամ Ա. կաթողիկոսին հովանաւորութեամբ, ուրբաթ, 19 ապրիլ 2024-ի առաւօտուն «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ որբերը» հատորին շնորհահանդէսը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի յարկին տակ` ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ին կազմակերպած «Արցախի իրաւունքներու վերականգնումի հրամայականը ընդդէմ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութեան» խորագրեալ համագումարի մասնակիցներուն եւ «Թռչնոց բոյն»-ի խնամակալութեան ու տեսչութեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան: Ան դիտել տուաւ, որ բնական էր վեհափառ հայրապետին տնօրինումով եւ հրաւէրով կազմակերպուած այս տարուան ապրիլեան գիտաժողովը «Թռչնոց բոյն»-էն մեկնարկելը, որովհետեւ որբանոցներուն մէջ կազմաւորուեցան Ցեղասպանութենէն վերապրող սերունդներ` գիտակից ըլլալով կազմակերպուած հաւաքականութիւն դառնալու կարեւորութեան: Իր խօսքին մէջ Գանտահարեան անդրադարձաւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին նուիրեալ ու ազգանուէր աշխատանքին եւ ըսաւ, որ դժբախտաբար վերջերս կորսնցուցինք Անի Պէզիքեանը, սակայն անոր ու ամուսնոյն յանձնառութիւնը «Արամ Պէզիքեան» Ցեղասպանութեան որբերու թանգարանին եւ ընդհանրապէս Հայ դատին նկատմամբ պիտի մնայ վառ օրինակ հայ ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի (ԳԱԱ) ակադեմիկոս, պատմաբան փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան, որ ուրախութիւն յայտնեց ի տես Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ ԳԱԱ-ի միջեւ գոյացած համագործակցութեան, որուն պտուղներէն մէկն է վերոնշեալ հատորին մղում տուած գիտաժողովը: Այս իմաստով ան իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Արամ Ա. կաթողիկոսին:

Խօսք առին նաեւ Հայ գաղթօճախներու եւ սփիւռքի պատմութեան բաժնի վարիչ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան եւ ԳԱԱ-ի Պատմութեան հիմնարկի Հայկական հարցի ու Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան բաժնի վարիչ Արմէն Մարուքեան: Անոնք խօսեցան հատորին նախորդող գիտաժողովին առիթ ընծայած գործընթացին, ինչպէս նաեւ ներկային մէջ նոյն ցեղասպանական արարքը շարունակուելուն եւ յանցագործներուն անպատիժ մնալուն մասին:

Ապա գիրքը ներկայացուց ԳԱԱ-ի պատմական գիտութիւններու թեկնածու Արփինէ Բաբլումեան` նշելով, որ հատորը կը սկսի Արամ Ա. կաթողիկոսին հայրապետական օրհնութեան գիրով, որմէ ետք կը կարդանք Գէորգ Ստեփանեանի խօսքը: Հատորը կը բովանդակէ Արմէն Մարուքեանի «Հայ որբերն Օսմանեան կայսրութեան ցեղասպանական քաղաքականութեան թիրախում» վերնագրեալ եւ Բաբլումեանի աշխատասիրութեամբ Մարիա Ճէյքըպսընի օրագրութիւնը` որպէս Ցեղասպանութեան սկզբնաղբիւր յօդուածներ: Այս առումով Բաբլումեան ընդգծեց, որ օրագրութեան վերլուծութիւնը եւ համեմատական որոշակի նկատառումները կը հարստացնեն յօդուած: Հատորը կը պարունակէ Սուսաննա Յովհաննիսեանին «Որբերու հայրիկը» յօդուածը, ուր հեղինակը կ՛անդրադառնայ Յովհաննէս Թումանեանի որբախնամ գործունէութեան, Նարինէ Մարգարեանի յօդուածը` 1922-1925 թուականներուն որբերուն կողմէ լոյս տեսած «Տուն» ամսագիրին մասին, Անի Ֆիշենկճեանի յօդուածը` «Որբաշխարհի աստղ» պաշտօնաթերթին մասին, Կարօ Տէրունեանի յօդուածը` Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցի մասին, եւ երկու հարցազրոյցներ` Մարիա Յովսէփեանի կողմէ, մէկը «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Տաճատ վրդ. Աշըգեանի հետ` Մարիա Ճէյքըպսընի գործունէութեան եւ որբանոցին ներկայ իրավիճակին մասին, իսկ միւսը` «Թռչնոց բոյն»-ի նախկին սաներէն Արփինէ Յովսէփեան-Պաղտասարեանի հետ:

Շնորհակալութեան ու գնահատանքի խօսք արտասանեց նաեւ կաթողիկոսարանի դիւանապետ Տաճատ վրդ. Աշըգեանը: Ան անդրադարձաւ Երեւանի մէջ կայացած «Թռչնոց բոյն»-ի 100-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին, որուն մասնակցած էր հայր սուրբը` իբրեւ տնօրէն այս հաստատութեան, եւ կարեւոր նկատեց «Թռչնոց բոյն»-ին եզակի դերակատարութիւնը, յատկապէս` յետցեղասպանութեան ժամանակաշրջանին, որ լծուած էր Ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած հայ որբերու խնամքին ու դաստիարակութեան:

Շնորհահանդէսի աւարտին ներկաները առիթը ունեցան ծանօթանալու թանգարանին ու անոր տարբեր բաժանմունքներուն:

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 109-Ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Յաջորդը

Միասնական Մնանք

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի  Մարմինը Ընդգծեց.  Արցախ Երբեք Մաս Չէ Կազմած  Եւ Պիտի Չկազմէ Ազրպէյճանին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին Կողմէ Մալոյեանի Սրբադասման Եւ Պապի Լիբանան Այցելութեան Առիթներով Նամակ` Պապական Նուիրակին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Նախագահ Վերապատուելի Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանը

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?