Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արցախի Ձայներ» Երաժշտական Համոյթը Արցախի Շունչը, Երգն Ու Պայքարը Շարունակելու Վճռականութիւնը Բերաւ Լիբանան

Ապրիլ 29, 2024
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՈՐԱ Բ.

Ուրբաթ, 26 եւ շաբաթ, 27 ապրիլ 2024-ի երեկոյեան «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ գտնուողները ապրեցան հերոսական Արցախով, լիացան արցախեան հարազատ շունչով, լսեցին անոր իւրայատուկ բարբառը, հաղորդուեցան   արցախահայութեան գոյատեւելու կամքին ու վճռականութեան: Այս բոլորը` Արցախի մէջ 2003 թուականին ստեղծուած, իսկ այսօր Հայաստանի մէջ գոյատեւող «Արցախի ձայներ» երաժշտական համոյթին մաս կազմող արցախցի արուեստագէտներուն իւրայատուկ երգին ու երաժշտութեան, պարին եւ հարազատութեան ընդմէջէն:

ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին կազմակերպութեամբ իրականացած երաժշտական այս երեկոյին բացումը կատարեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ մէջբերում մը կատարեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիների պարը» բանաստեղծութենէն եւ զուգահեռով մը անդրադարձաւ այսօր արցախցի մեր հայրենակիցներուն վիճակին` նշելով, թէ այսօր անոնք պապենական իրենց հայրենիքէն բռնի տեղահանուած են, ընկրկած, սակայն վստահաբար պիտի ճեղքեն բռնակալութեան շղթաները, պիտի բարձրացնեն իրենց բռունցքները եւ խոյանան այս արհաւիրքէն:

Ան հաստատեց, որ Արցախը այսօր աշխարհագրականօրէն թէեւ խլուած է մեզմէ, սակայն Արցախը ոչ ոք եւ ոչինչ կրնայ դուրս բերել մեր հոգիներէն ու սրտերէն:

Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան դիտել տուաւ, որ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի այս նախաձեռնութիւնը կը միտի մշակութային կամուրջ հաստատել լիբանանահայութեան եւ արցախցի մեր հայրենակիցներուն միջեւ:

Խումբի անդամները իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Լիբանանի մէջ գտնուելնուն, յատկապէս իրենց ուղղուած հրաւէրին համար, որ իրենց համար հանդիսացաւ այն ազդանշանը, թէ «Արցախի ձայներ»-ը պէտք է շարունակեն հնչել, լսելի դարձնել արցախեան բարբառն ու երգի ճամբով անոր կենցաղն ու անկոտրում կամքը: Այլ խօսքով, թէեւ Արցախը բռնագրաւուած է այսօր, սակայն երբ սփիւռքը տակաւին կը փափաքի Արցախի տաղանդաւոր արուեստագէտները հիւրընկալել, վայելել անոնց արուեստը, արցախեան շունչով ապրիլ աշխարհով մէկ, ուրեմն արժէ կրկին վերակազմակերպուիլ, կառչիլ հաւատքին ու արուեստին, որոնց ճամբով եւս Արցախը կենդանի պիտի պահուի համայն հայութեան հոգիներուն եւ միտքերուն մէջ:  Արցախցի արուեստագէտները յոյս յայտնեցին, որ Արցախէն դուրս իրենց վերազարթօնքը սկսի Պէյրութէն եւ տարածուի աշխարհով մէկ, որպէսզի իրենց երգով անոնք Արցախի մասին պատմեն բոլորին:

Տարբեր տարիքի արցախցի արուեստագէտներ Օքսաննա Բաբուրեան,  Արամ Մուսայէլեան, Լիլիա Մուսայէլեան, Միլա Դոլուխանեան, Սեւակ Դոլուխանեան, Վադիմ Աբրահամեան, Միքայէլ Գրիգորեան, Արտեմ Վալտեր եւ Թամարա Պետրոսեան համերգի առաջին բաժինով երգի ճամբով ներկայացուցին պատկերներ Արցախէն Հայաստան իրենց բռնագաղթի դաժան ուղիէն, արցախեան աւանդութիւններէն, կենցաղէն, հաստատեցին, որ Արցախը թէեւ ուրացումի ենթարկուեցաւ, սակայն կրկին պիտի վերածնի,  իսկ «ամէն հայու թափած արեան կաթիլ պիտի ծաղկի, դառնայ կեանքի ծաղիկ»: Անոնք անդրադարձան այն իրողութեան, որ արցախեան ընտանիքի մը բոլոր տղամարդիկն ալ զինուոր են եւ անոնք տուած են կտակը` «լաւ յիշիր որդիս, որ քո ներսում ուժեղ ու անվախ զինուոր է ապրում», ուստի անոնք ուղղեցին կոչը` «Հայեր միացէք»-ի եւ «բարձրացուցին բաժակները»` խմելով համայն հայութեան կենացը: Արուեստագէտները գովերգեցին չքնաղ Հայաստանը, փառաբանեցին հերոս տղաքը, շեշտեցին, որ ղարաբաղցին միշտ բարի, հիւրասէր, արդարադատ, սրտաբաց, շանթ ու կրակ է, իսկ աւարտին իրենց երգը ձօնեցին աղբիւրի պէս մաքուր, առիւծներու ծննդավայր, որդիներու օրօրան, սարերուն ու համայն հայութեան սիրտը հանդիսացող Ղարաբաղին, որուն կարօտով կ՛ապրին այսօր ոչ միայն արցախցիները, այլ նաեւ հայ ազգը ամբողջ:

Լիբանանահայ արուեստասէրը շուրջ մէկուկէս ժամ տեւողութեան ուրախութեան, յուզումի, ընդվզումի, կարօտի ու Արցախի նկատմամբ անսահման սիրոյ պահեր ապրեցաւ:

Ինչպէս արուեստագէտները ըսին` դիւրին չէ երգել Արցախի մասին, երբ անիկա բռնագրաւուած է ներկայիս, բայց եւ այնպէս երգեցին անոնք, թնդացուցին բեմն ու սրահը, ոգի ու կորով փոխանցեցին ներկաներուն` իրենց երաժշտական ուրոյն ոճով եւ յատուկ երգերով:

Կեցցե՛ն արցախցի մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք կրցան քաջաբար երգել Ղարաբաղին եւ ղարաբաղցիին մասին, երբ այս երգերուն ընթացքին սրահին մէջ տիրական դարձաւ յուզումը, արցունքները լեցուցին աչքերը: Կեցցե՛ն անոնք, որոնք կը շարունակեն երգել ու ստեղծագործել, հաստատել, որ արցախցին տակաւին վճռական է ու պայքարող, որ իրենք իսկապէս բազմավաստակ եւ բազմաշնորհ ղարաբաղցիներ են, արժանի զաւակները հերոսներուն ու նահատակներուն:

 

 

Նախորդը

«Փրեմիեր Լիկ». Արսենալ Եւ Սիթի Կը Պայքարին Դառնալու Ախոյեան

Յաջորդը

Մարմնամարզ. Համլեթ Մանուկեան` Եւրոպայի Երիտասարդներու Ախոյեան

RelatedPosts

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին.  «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան  Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար  Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Ս. Աստուածածին Վանքի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագի Ընթացքին. «Հայաստանի Անկախութեան, Հողային Ամբողջականութեան Ու Գերիշխանութեան Անվթար Պահպանումը Մեզի Համար Գերագոյն Արժէք Է Ու Յանձնառութիւն» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Օգոստոս 18, 2025
Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է  Աննախատեսելի Հրդեհով
Գաղութային

Դարձեալ Քեսապը Շրջապատուած Է Աննախատեսելի Հրդեհով

Օգոստոս 15, 2025
Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն
Գաղութային

Թուային Մետիայի Գրագիտութեան Ծրագիրի Վկայագիրներու Յանձման Հանդիսութիւն

Օգոստոս 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?